Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2013-ին, տարիներու քաղցր սովորութեան համաձայն, Քրիստոսի համբարձման տօնին առիթով, Դպրեվանքի մեծ ընտանիքը իր տարեկան պտոյտը ունեցաւ, Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհյ. Քէրքէզեանի ընկերակցութեամբ:
Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու սաները այցելեցին Մեթնի Այնթուրա շրջանի Ս. Աստուածամօր սրբատեղին եւ հոնկէ գացին Ռայաքի հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր աշխարհի խաղաղութեան համար աղօթեցին:
Ապա, այցելելցին Այնճարի ակն ու քարայրը, ուր Տէր Հայրը հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց հայաւանին մասին եւ սաներ ՙԱրեւ՚ ճաշարանի տիրոջ հիւրը եղան: Ճաշի աւարտին, տեսչական կազմն ու քահանայ հայրը շնորհակալութիւն յայտնեցին ճաշարանի տիրոջ, իր քաղցր հրաւէրին համար:
Վերջապէս, դպրեվանեցիներ այցելեցին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցին, անոր կից գտնուող Մուսա լեռի նահատակներու յուշարձանը եւ պատմական բերդը: