21 October, 2013

Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի 20 Հոկտեմբեր 2013, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն շրջանաւարտ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի քահանայացու՝ Բրշ. Մուրատ Սրկ. Չորպաճեան ամուսնացեալ քահանայ ձեռնադրուեցաւ եւ օծուեցաւ, կոչուելով ՏԷՐ ԹՈՐԳՈՄ։

 

Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատոյց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Ս. Աթոռի Դրան Եպիսկոպոս՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։

 

Խարտաւիլակութիւնը կատարեցին Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան եւ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Աբղ. Ղարախանեան։

 

Սաղմոսներու ընթերցանութեամբ, ընծայեալը ծնրադիր սուրբ խորան բարձրացաւ եւ նախ աշխարհէն հրաժարեցաւ ու ապա հրաւիրուեցաւ Քրիստոսի քաղցր լուծը կրելու։

 

Սրբալոյս Միւռոնով օծման պահուն, ձեռնադրիչ սրբազանը դրոշմեց ընծայեալին ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը, նոր անուն տալով անոր՝ իբրեւ Աստուծոյ ծառայութեան ընծայուած նոր մարդ։ Ապա, Տէր Թորգոմ Քահանայ իր անդրանիկ խաղաղութիւնը տուաւ հաւատացեալ ժողովուրդին։

 

Ձեռնադրիչ սրբազանը քարոզեց բնաբան ունենալով Գործք Առաքելոցի «Ես զայն իբրեւ գործիք ընտրեր եմ, որպէսզի իմ անունս ճանչցնէ հեթանոսներուն, թագաւորներուն եւ Իսրայէլի զաւակներուն» համարը (Գրծ 9.15): Նարեկ Սրբազան Պօղոս Առաքեալի տիպարը ընդգծելով, յորդորեց Տէր Թորգոմը դառնալ Աստուծոյ անուան տարածման եւ փառաբանման ընտիր գործիք՝ հայ ժողովուրդի սպասաւորութեան անդաստանին մէջ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ այս ձեռնադրութիւնը կատարելու պատիւը իրեն շնորհեց եւ շնորհաւորեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանը եւ Ազգային Իշխանութիւնը այս շնորհաբաշխ առիթով ու բեղուն ծառայութիւն մաղթեց նորօծ քահանայ հօր՝ հեռաւոր Ամերիկայի ափերուն վրայ։

 

Ձեռնադրութենէն ետք, եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներ մօտեցան նորընծայ քահանայ հօր եւ աջահամբոյրով ստացան անոր առաջին օրհնութիւնը:

 

Ապա, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովիւները եւ թաղականութիւնը ճաշկերոյթ մը տուին ի պատիւ նորօծ քահանայ հօր, որուն ընթացքին շնորհաւորեցին Տէր Թորգոմը, երէցկինը եւ անոնց ընտանեկան հարազատները։

 

Նոյն օրը երեկոյեան, նորընծայ քահանայ հայրը եկաւ Անթիլիասի Մայրավանք եւ վեհարանին մէջ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը ստանալէ ետք,  մեկուսացաւ իր քառասունքը անցնելու համար։

 

Յայտնենք, թէ Շաբաթ 19 Հոկտեմբերի երեկոյեան, տեղի ունեցած էր կոչման արարողութիւնը։

 

Տէր Թորգոմ իր անդրանիկ Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցէ Կիրակի 1 Դեկտեմբերին։

 

More News