Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՈՎ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԱՐԺ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՒ. ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԷՐՔԷԶԵԱՆԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 8 Հոկտեմբեր 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով իր գնահատանքը յայտնեց երկար տարիներ հայ եկեղեցւոյ ծառայած Արժ. Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Քէրքէզեանին:

 

Տէր հայրը Դպրեվանքը աւարտած է 1967 թուականին, ապա՝ իբրեւ դպրապետ, ուսուցիչ եւ քահանայ, իր նուիրեալ ծառայութիւնը բերած է մեր եկեղեցւոյ՝ Լիբանանի ու Կիպրոսի մէջ: Ան նաեւ դասաւանդած է Դպրեվանքի եւ ազգային վարժարաններու մէջ:

 

Երեկոյեան, Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց նուիրուած նախատօնակէն ետք, Դպրեվանքի շրջափակին մէջ, դպրեվանեցիներու եւ քահանայ հօր անցեալի ու ներկայի գործակիցներուն ու բարեկամներուն ներկայութեան տեղի ունեցած հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան: Հայր սուրբը, յիշելով տէր հօր ուսուցչական ասպարէզի նուիրական կոչումը, ըսաւ. «Ուսուցիչը իր իսկական կոչումին մէջ կը նուիրագործէ իր սիրտը, հոգին ու միտքը կրթելու, կերտելու ու աճեցնելու այնքան էական սկզբունքները: Սակայն մենք, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նուիրեալ ծառաներ, կը հաւատանք, որ ուսուցչութիւնը Աստուածային կոչում է, որ կը կերպարանափոխէ մարդս՝ զայն դարձնելով առաքեալ ու ծառայ»: Անդրադառնալով Դպրեվանքին մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան՝ տեսուչ հայր սուրբը ըսաւ. «Ի՜նչ երանելի բան է, երբ մեր ազգի սիրեցեալ զաւակները կը մօտենան Դպրեվանքի այս սուրբ հաստատութեան եւ քարէն անդին անցնելով կը հաղորդուին մեր նախնեաց ոգիին եւ կ՚ուռճանան անոնց թողած ծառայութեան կտակով»: Ան իր խօսքին մէջ յատուկ տեղ տուաւ Դպրեվանքի հին թէ նոր ուսուցիչներուն՝ ընդգծելով, թէ անոնք չեղան միայն ուսուցիչներ, այլ՝ հոգեկերտիչ ծնողներ եւ այս հաստատումին արժանաւոր ներկայացուցիչը եղաւ տէր Մեսրոպը: Հայր սուրբը իր խօսքը փակեց, յանուն Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին, իր շնորհակալութիւնը ու երախտագիտութիւնը յայտնելով տէր Մեսրոպ քահանային, որ երկար տարիներ իր ծառայութիւնը բերած է Դպրեվանքէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ հայ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ:

 

Ապա, իր Հայրապետական խօսքը ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Յիշելով քահանայ հօր ուսանողութեան տարիները Դպրեվանքէն ներս՝ ան ընդգծեց իր հաւատարմութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Դպրեվանքին նկատմամբ՝ իր հոգեմտաւոր ծառայութեան ճամբով: «Տէր Մեսրոպը Դպրեվանքը իր կեանքին մէջ պահեց իբրեւ կենդանի ներկայութիւն, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ մանաւանդ մեր կեանքին առանցքը կազմող մեր եկեղեցին: Այդ արժէքներով ինք ապրեցաւ եւ այդ արժէքները իր կեանքին մէջ ապրեցուց», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը: Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ տԷր հայրը իր կեանքի օրինակով արժեւորեց ուսուցչութիւնն ու հոգեւոր ծառայութիւնը՝ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին:

 

Ապա, Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան ընթերցեց Նորին Սրբութեան Հայրապետական Օրհնութեան Գիրը, ուր Հայրապետը շեշտած է քահանայ հօր նուիրումն ու հաւատարմութիւնը՝ ըսելով. «Ձեր ծառայական կեանքին անցնող տարիները հարստացան ո՛չ միայն հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորութեամբ, այլ նաեւ՝ կրթական ու դաստիարակչական բնագաւառներէն ներս Ձեր բերած կարեւոր ներդրումով: Դուք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կատարեցիք Ձեր ծառայութիւնը՝ որպէս հոգեւոր մշակ, եւ նոյն նուիրումով լծուեցաք մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան՝ որպէս ուսուցիչ ու դաստիարակ: Այլ խօսքով, եկեղեցին, դպրոցը եւ մշակոյթը մնայուն ներկայութիւն եղան Ձեր կեանքէն ներս՝ իմաստաւորելով ու արժեւորելով Ձեր կեանքին օրերը»:

 

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ տէր Մեսրոպը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան: Ան յիշեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Դպրեվանքի առաքելութեան ու ծաղկման: Քահանայ հայրը իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Փորձեցի արդարացնել յոյսերը: Որդիական խոր ակնածանքով ու յարգանքով կը խոնարհիմ Երջանակայիշատակ հայրապետներու յիշատակին դիմաց եւ կը հայցեմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը: Մեր հայրապետներու կեանքի օրինակով թրծած եմ իմ անձս՝ իւրաքանչիւրէն ընդօրինակելով նկարագրային մէկ յատկութիւն»: Տէր հայրը անդրադառնալով Դպրեվանքի էական դերին՝ յայտնեց. «Կը խնդրեմ անցեալի ու ներկայի դպրեվանեցիներէն, կապուած մնան Դպրեվանքին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սուրբ առաքելութեան: Մենք ճիւղերն ենք եւ մեր սնունդը յարատեւ կերպով պէտք է առնենք մայր որթատունկէն՝ Դպրեվանքէն՝ եթէ կ՚ուզենք պտղաբեր դառնալ»: Ան իր խօսքի աւարտին վերահաստատելով իր հաւատարմութեան ու ծառայական ուխտը՝ ըսաւ, թէ պիտի մնայ փակեղաւոր ուխտեալ միաբանը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սուրբ ու դարաւոր Աթոռին։

 

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ ներկաներուն միաբերան «Կիլիկիա» քայլերգի երգեցողութեամբ եւ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով։