Դպրեվանքի Տեսչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Կաթողիկոսարանի Տիկնանց Միութեան կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի 28 Մայիս 2013-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին, Դպրեվանքի մեծ ընտանիքը, Տիկնանց Միութեան եւ Դպրեվանքի պաշտօնեաներուն հետ, պտոյտ կատարեցին:
Լիբանանի բնութեան հռչակաւոր հրաշալիքը՝ Ճըյիթայի քարանձաւը եղաւ դպրեվանեցիներուն առաջին այցելութեան վայրը, ուր անոնք տեսերիզով մը ծանօթացան քարայրին կապուած պատմական իրադարձութիւններուն եւ ապա շրջելով վայելեցին բնութեան հրաշքը: Հոնկէ անոնք գացին Հարիսայի Ս. Աստուածածինի արձանը եւ Յոյն կաթոլիկներու Ս. Պօղոս Տաճարը, որուն ճարտարապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին ճարտարապետ՝ Մարտիրոս Ալթունեանն է:
Կէսօրին դպրեվանեցիներ Տիկնանց Միութեան ճաշի հիւրը եղան: