«ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՆՈՒԻՐՈՒՄՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս առաւօտ, 7 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Դպրեվանք եւ իր հայրական խօսքը ուղղեց Դպրեվանքի աշակերտութեան:

 

Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը վերաշեշտեց Դպրեվանքի առաքելութիւնը, որ ուսումէն ու գիտութենէն անդին Աստուծոյ ու ազգին նուիրուելու կոչուած մարդու կազմաւորում է: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ըսաւ, որ Դպրեվանքին մէջ ջամբուած ուսումը իր այլազան լեզուներու ու գիտութիւններու ճամբով լայն դիւրութիւններ կ՚ընծայէ աշակերտին իր համալսարանական ուսումը շարունակելու, ինչպէս նաեւ անձը լաւապէս կը զինէ իր առաքելութիւնը ազդու կերպով կատարելու մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ:

 

Ապա, Հայրապետը ըսաւ, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ Դպրեվանքը միշտ հեռու մնաց համաճարակի ու տնտեսական տագնապի ստեղծած դժուարութիւններէն: Անցնող ամիսներուն դասընթացքները կանոնաւոր կատարուեցան, համաճարակի քննութիւնը եղաւ եւ ապահով կերպով Դպրեվանքը շարունակեց իր կրթական կեանքը: Հոկտեմբեր ամսուան սկիզբը Դպրեվանքը պիտի սկսի իր 2020-2021 կրթական տարեշրջանին եւ սպասելի է, որ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին Սփիւռքի գաղութներէն աշակերտներ դիմեն Դպրեվանք:

 

Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց նախկին տեսչութեան անդամներուն՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանին (Տեսուչ), Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանին (Հսկիչ), Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանին (Հսկիչ) եւ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեանին (Հսկիչ), որոնք անցեալ շրջանին նուիրումով ծառայեցին Դպրեվանքէն ներս: Հայրապետը նաեւ ողջունեց Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանը, որ, վստահաբար, որպէս տեսուչ նոյն նուիրումով պիտի ծառայէ Դպրեվանքին, իր հետ ունենալով երկու հսկիչներ՝ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան եւ Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան:

 

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ Դպրեվանքը մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու մեր ժողովուրդի սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի: Մենք բոլորս դպրեվանեցի եղած ենք եւ Դպրեվանքի ճամբով մեր ծառայութիւնը կատարած ենք ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցիին: Վստահ ենք, որ այս նախանձախնդրութեամբ Դպրեվանքը պիտի շարունակէ իր հոգեմտաւոր առաքելութեան: