17 June, 2018

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԻՐ 88-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ ՆՈՒԻՐԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Շաբաթ, 16 Յունիս 2018-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին 88-րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանին ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը, որ ձօնուած էր Վեհափառ Հայրապետին աբեղայական ձեռնադրութեան 50-ամեակին։

 

Հայրապետական թափօրին մուտքէն ետք, յայտագիրը ընթացք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Դպրեվանքի քայլերգներով, որմէ ետք բացման խօսքով բեմ բարձրացաւ Դպրեվանքի հսկիչներէն Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան։ Ան իր խօսքին մէջ վերյիշեցուց, որ Դպրեվանքը պարզ վարժարան մը չէ, այլ մեծ տուն մըն է, ուրկէ դուրս կու գայ Աստուծոյ սիրոյ անդաստանին մէջ սերմ ցանող հաւատքի առաքեալը, Աստուածաշունչի մարդը՝ աւելցնելով, որ դպրեվանեցիին կեանքը ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր ապրուած աղօթք է։ Ապա, իր խօսքը ուղղելով Վեհափառ Հայրապետին, միաբանակիցներուն ու ներկաներուն անունով, շնորհաւորեց անոր աբեղայական ձեռնադրութեան յիսնամեակը։

 

Աւարտական դասարանին անունով ուղերձ արտասանեց Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, առաջին հերթին, Աստուծոյ, որ իրենց քայլերը ուղղեց դէպի Դպրեվանք, Նորին Սրբութեան, որ ութ տարիներ շարունակ մօտէն հետեւեցաւ իւրաքանչիւրին հոգեմտաւոր ու ֆիզիքական առողջութեան, եւ վերջապէս տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք դարձան իրենց կեանքին ուղեցոյցները։

 

Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան ընթերցեց տեսչական տեղեկագիրը ու պարգեւատրեց Դպրեվանքին ամենաբարձր նիշեր ապահոված երեք դպրեվանեցիներ։ Վերջապէս, ան բեմ հրաւիրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որպէսզի կատարէ շրջանաւարտներուն վկայականաց բաշխումը եւ փոխանցէ իր հայրապետական պատգամը։

 

Հայրապետական պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Դպրեվանքին կարողականութեան մասին, որ հիմնականօրէն կը լծուի հայ ժողովուրդի կեանքին հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման՝ շեշտելով. «Դպրեվանքը հոն է, ուր մեր Ս. Աթոռը կը ծառայէ մեր ժողովուրդին՝ ամբողջական իմաստով. Դպրեվանքը հոն է, ուր մեր ժողովուրդին իրաւունքները կը հետապնդէ ամէն տեղ եւ քաջ կերպով. Դպրեվանքը հոն է, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, 100 տարիներ շարունակ, տէր կանգնեցաւ եռագոյնին, պաշտպանեց ազատ ու անկախ Հայաստանի տեսլականը եւ յանձնառու եղաւ ու կը մնայ Հայաստանի հզօրացման եւ Արցախի անկախութեան»։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ այն անձը, որ Դպրեվանքի բովէն անցած է, ըլլա՛յ հոգեւորական թէ աշխարհական, իր անզուգական ներդրումը ունեցած է հայ ազգի տարբեր ոլորտներուն մէջ. «Ճիշդ է, Դպրեվանքին մէջ տիրական է աղօթական կեանքը, բայց միաժանական տիրական է նաեւ մեր հայրենիքը, ազգին անկախութիւնը ու մեր գերագոյն արժէքներն ու ձգտումները։ Ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ մեր Դպրեվանքին առանցքային դերը Ցեղասպանութենէն վերապրող Սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս»։ Ապա, ան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, անոնց թելադրեց ժողովուրդին երթալ հարստացած, հզօրացած ու կենսաւորուած՝ Կաթողիկոսութեան բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով, ծառայելու համար ժողովուրդին ու ծառայութեամբ կերտելու իրենց հզօրութիւնը։

 

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց տեսուչ հայր սուրբին ու օգնական հայր սուրբերուն, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմին ու բարերարներուն, եւ կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները մօտեցնելու Դպրեվանքին։

 

Գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին, դաշնակի եւ կիթառի կատարողութեամբ հանդէս եկան դպրեվանեցիներ, ինչպէս նաեւ ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը՝ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ օրիորդ Յասմիկ Գասպարեանի։

Հանդէսը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկեան ուխտի» Հայրապետական մաղթերգով եւ Նորին Սրբութեան «Պահպանիչ» աղօթքով։

More News