Կիրակի 19 Մայիս 2013-ին, Պէյրութի մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, դպրեվանեցիներ գեղանկարիչ Զօհրապ Քէշիշեանի ՙԵրգիչը եւ իր երգը՚ անհատական ցուցահանդէսը այցելեցին:
Զօհրապ, Դպրեվանքի նկարչութեան նախկին ուսուցիչը, մեծ ուրախութեամբ ընդունեց Դպրեվանքի Տեսչութիւնն ու սաները:
Դպրեվանեցիներ վայելեցին ցուցադրուած գեղանկարները եւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ ստացան Զօհրապի արուեստին մասին: