1930 թուականը յատկանշական թուական է իւրաքանչիւր Դպրեվանեցիի համար, որովհետեւ անիկա տարին է բոլորին հոգեհարազատ Դպրեվանքի հիմնադրութեան: Հոգեմտաւոր, հայակերտ ու մշակութապահպան իր նկարագիրով ու առաքելութեամբ, Դպրեվանքը 90 տարիներէ ի վեր կը գործէ ի փառս Աստուծոյ եւ ի հզօրացումն ազգիս հայոց:
Այս տարի 90-ամեակն է Դպրեվանքին հիմնադրութեան: Սակայն պայմաններու բերումով չկարողացանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ վայելուչ կերպով նշել զայն:
Նշենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բերիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմերէն ներս տարւոյս սկիզբը ժողովրդական հաւաքներով զանազան շրջաններու մէջ տօնախմբուեցաւ Դպրեվանքի 90-ամեակը:
Կը յուսանք, որ յառաջիկային պայմանները թոյլատու կ՚ըլլան, որպէսզի այլ թեմերու մէջ եւս նշենք Դպրեվանքի 90-ամեակը՝ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ:
Վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր հայ կը գիտակցի, թէ մարդուժի պատրաստութեան մէջ որքա՜ն վճռական դեր ունեցած է Դպրեվանքը Սփիւռքի տարածքին՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք յատկապէս:
Դպրեվանքը մարդու պատրաստութեան նո՛յն առաքելութիւնը կը շարունակէ վերանորոգ ոգիով: