ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Երկուշաբթի, 25 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենին։ Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Լիբանանի ու Վատիկանի յարաբերութեանց ներկայ փուլին։ Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ունեցած յատուկ կապը Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ եւ այն սերտ գործակցութիւնը, որ գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ։…