Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԼԵՌՆԱԳՆԱՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԸ

Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանին հետ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերու, Դպրեվանքի տիկնաց խորհուրդին, դպրեվանեցիներու եւ Դպրեվանքի բարեկամներու։

 

Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի իւրայատկութիւններէն մէկն է անհատական նուաճումներ հայութեան նուիրել։ Այս իմաստով, ան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց լեռնագնացին կենսագրականը։ Լիբանան ծնած եւ պատերազմի պատճառով Ֆրանսա գաղթած Խաչատուրեան 40 տարեկանին կը նետուի մարզական աշխարհ եւ կը բարձրանայ «Մոն պլան» եւ Արարատ լեռները։ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ան կը նուաճէ աշխարհի բարձրագոյն գագաթը՝ Էվերեսթը։

 

Արա Խաչատուրեան խօսեցաւ իր լեռնագնացութեան արկածախնդրութիւններուն մասին, շեշտը դնելով դժուարութիւնները հաւատքով ու կամքով դիմագրաւելու հրամայականին վրայ։ Ան երկու կարճ տեսանիւթեր ցուցադրեց 2016 թուականին Էվերեսթ բարձրանալուն եւ 2018 թուականին Մարսէյէն Հայաստան վազելուն մասին։ Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ լեռնագնացութեան ամէնէն խորհրդալից պահը հանդիսացած է երբ ինք, որպէս հայ, եռագոյնը բարձրացուցած է աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթին՝ Էվերեսթի վրայ, եւ որպէս քրիստոնեայ՝ Աստուածաշունչը։ Ապա, ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։

 

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Խաչատուրեանի կորովն ու յաջողութիւնները եւ մատնանշեց երկու կարեւոր կէտեր՝ կամքի ու հաւատքի զօրութիւնը եւ աշխարհին ամէնէն բարձր գագաթին վրայ Աստուածաշունչի զետեղումը։ Աստուածաշունչը լերան գագաթը Խաչատուրեանի զետեղելուն մասին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Զիս յուզեց Աստուածաշունչը Էվերեսթի գագաթին վրայ զետեղելը, եռագոյնի կողքին։ Սա ունի իր խորունկ պատգամը…»։ Ապա, Հայրապետը Արա Խաչատուրեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով։