Փետրուար 2012-ին Դպրեվանքի Տեսչութեան Դպրեվանքէն ներս նկարներու եւ քանդակներու մնայուն ցուցահանդէս ունենալու կոչին ընդառաջեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա, Իտալիա, Լիբանան, Կիպրոս, Հայաստան, Յունաստան, Սուրիա եւ Ֆրանսա ապրող հայ արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ եւ արուեստասէրներ:
Դպրեվանքի մնայուն ցուցահանդէսը կը շարունակուի եւ ուրախ պիտի ըլլանք արուեստի նոր գործերով առաւել ճոխացնելու մեր հաւաքածոն, որ իննը նոր գործերով համալրուած, այժմ կը բաղկանայ երեսուն երկու գործերէ:
Ժամանակի կարգով մեր ստացած նոր գործերն են.
Ռոստոմ Գույումճեան, Լիբանան, գեղանկար՝ ՙՈրբ պուպրիկը՚:
Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեան, Լիբանան, գեղանկար՝ ՙՀայկական Հին Ժայռապատկերներ՚:
Լուսին Գաբրիէլեան, Լիբանան, սրբանկար՝ (1) ՙԲազմաստուածութենէն դէպի միաստուածութեան վերելք՚ եւ (2) ՙԲորոտին բժշկութեան հրաշքը՚:
Սաթօ Գարաճրճեան, Լոս Անճելըս, գեղանկար՝ ՙԾով՚:
Յարութիւն Թորոսեան, Լիբանան, գեղանկար՝ ՙՇեմսին-Այնճար՚:
Ստեփան Թորոսեան, Ֆրանսա, գեղանկար՝ ՙՏառապանք՚:
Վարդուհի եւ Բրաբիոն Քէշիշեանէն, Կիպրոս, Փայտեայ երկու թանկարժէք պուպրիկներ:
Մարալ Տէր Պօղոսեան, Լիբանան, գեղանկար՝ ՙՏեառնընդառաջ՚:
Լուտէր Վահան Արթինեան, Լիբանան, լուսանկար՝ ՙՊեքա՚:
Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Յունաստան, լուսանկար՝ (1) ՙԽաչքար՚ եւ (2) ՙԱղօթք՚:
Գէորգ Ամպարճեան, Լիբանան, ՙԼիբանանեան ծովային տեսարան՚:
Յայտնենք, որ Ուրբաթ 17 Մայիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Դպրեվանքի մէջ, տեղի ունեցաւ գեղանկարչութեան նուիրուած երեկոյ: Օրուան դասախօսն էր հալէպահայ արուեստագէտ՝ Գէորգ Ամպարճեան:
Երեկոյի բացման խօսքը կատարեց եւ դասախօսը ներկայացուց Դպրեվանքի նկարչութեան ուսուցիչ՝ Յովսէփ Գասպարեան:
Երկար տարիներու փորձառութիւն եւ գեղանկարչութեան հանդէպ յատուկ սէր ունեցող դասախօսը, սրտբացօրէն իր ապրումները փոխանցեց դպրեվանեցիներուն: Ան հաստատեց. ՙԻնծի համար գեղանկարչութիւնը կեանք է, զգացում է, ինչպէս նաեւ աղօթք է. որովհետեւ միայն անոր միջոցաւ ես կը կարողանամ անհասանելի բարձունքներ նուաճել՚:
Երեկոյի փակման խօսքը կատարեց Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նաերկ Արք. Ալեէմէզեան, որ նաեւ հրաւիրեց սաները Դպրեվանքի երեկոյեան աղօթքէն առաջ ՙՏէր Ողորմեա՚-ով Սուրիոյ խաղաղութիւն եւ սուրիահայութեան համբերութիւն խնդրելու:
Դպրեվանքի ցուցահանդէսին կապուած յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք կապուիլ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին հետ, հեռաձայնելով 03-486943 եւ 04-980060 թիւերուն: