23 June, 2015

«ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԴԱՐՁԱՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՀԻՄՆ ՀԱՒԱՏՔԻ ՏԱՃԱՐ, ՀՈԳԵ-ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՎԱՌԱՐԱՆ ԵՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԵՐԱԶՆԵՐՈՒՆ ՀՆՈՑ»   Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Երկուշաբթի, 22 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 85-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերու, ուսուցիչներու, բարերարներու, ծնողներու եւ Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող ժողովուրդի:

Բացման խօսքը կատարեց Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Աշըգեան, որ բարի գալուստ մաղթեց վերանորոգուած ու վերանորոգող Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհավայրէն ներս: Ապա, բեմ հրաւիրեց հայ դասական ու հոգեւոր երգերու մեկնաբան եւ Դպրեվանքի շրջանաւարտ Թենօր Գէորգ Հաճեան, որ փակման հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ կրօնական, դասական ու ազգայնաշունչ երգերով, ընկերակցութեամբ` դաշնակահարուհի Օրդ. Յասմիկ Գասպարեանին: Շրջանաւարտ սաներուն անունով ուղերձ ընթերցեց Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան:

Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան ներկայացուց տեսչական տարեկան տեղեկագիրը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Դպրեվանքի միամեայ գործունէութեան եւ 85-ամեայ առաքելութեան. «85 տարիներ անընդմիջաբար, Դպրեվանքը եղաւ ցորենի այն բերրի արտը, ուր ծլարձակեցան Աստուծոյ Սուրբ Խորանին ատոք հասկերը, եւ տէրունական այն այգին, ուր դաստիարակուեցան հոգեւոր մատռուակներ՝ ոգեղէն երջանկութիւն մատակարարելու համար մեր ժողովուրդին։ 85 տարիներ անձանձիր, ուսման ծարաւ աշակերտներու համար Դպրեվանքը եղաւ իմացական եւ հոգեւոր զարգացումի Սահակ-Մեսրոպեան անզուգական այն ուսումնարանը, որուն բեղմնաւորող արգանդէն լոյս աշխարհ եկան մտաւորական եւ գրասէր բազում սերունդներ։ 85 յաղթական տարիներ, Դպրեվանքը թագն ու պսակը հանդիսացաւ Սփիւռքի հայութեան սիրտը հանդիսացող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան»: Խօսքի աւարտին, Տեսուչ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Միաբան Հայրերուն, ուսուցիչներուն, Դպրեվանքի բարերարներուն ու բարեկամներուն, որոնք տարբեր ձեւերով սատար կը հանդիսանան Դպրեվանքի առաքելութեան: Վերջապէս, ան բեմ հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետը նախ կատարեց շրջանաւարտ դասարանի աշակերտներուն ութ տարիներու աշխատասիրութեան արգասիքը խորհրդանշող վկայականներու բաշխումը: Ապա, անդրադարձաւ նախկին հայրապետներուն՝ յատկապէս Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի ապագայատեսիլ երազին ու վճռականութեան, որուն առաջին գործը եղաւ Անթիլիասի մէջ հիմնել Դպրեվանքը, որ մեր տարագիր ու ցեղասպանեալ ժողովուրդին համար հանդիսացաւ հաւատքի առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան փարոս:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Առաջին հերթին Դպրեվանքը դարձաւ աստուածահիմն հաւատքի տաճար, ուր մենք բացուեցանք Աստուծոյ: Եկեղեցւոյ կողքին եկեղեցի դարձաւ Դպրեվանքը, ուր մենք հաղորդուեցանք Աստուածաշունչին եւ Աստուածաշունչը իրենց կեանքին մէջ ապրած մեր սուրբերուն եւ հայրապետներուն հոգեւոր արժէքներուն հետ: Դպրեվանքին մէջ լեցուեցանք աստուածային շնորհքներով. հաւատքը Դպրեվանքի կեանքին սիւնը հանդիսացաւ։

«Երկրորդ, Դպրեվանքը եղաւ ու մնաց հոգե-իմացական կազմաւորման վառարան: Դպրեվանքին մէջ սովորական ուսում չստացանք՝ դաս ու դասագիրք, գրասեղան ու դասարան չեղաւ Դպրեվանքը, այս բոլորէն վեր՝ ոգի եւ հաւատք դարձաւ: Մեր կազմաւորման մէջ Դպրեվանքը իր դրոշմը ձգեց այնպիսի կազմաւորում տալով մեզի, որուն նպատակը մէկ բան էր՝ ծառայել Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին անսակարկ կերպով եւ ամբողջական նուիրումով։

«Վերջապէս, Դպրեվանքը դարձաւ ու մի՛շտ մնաց մեր ժողովուրդին ձգտումներուն ու երազներուն հնոցը։ Մենք Դպրեվանքին մէջ ո՛չ թէ միայն սորվեցանք, այլ այդ հնոցին մէջ թրծուեցանք: Հայաստանի մասին տեղեկութիւններ չարինք, այլ այդ բոլորէն վեր ուզեցինք մեր հայրենիքը տեսնել ազատ ու անկախ: Մենք Դպրեվանքին մէջ միայն եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ չքաղեցինք, այլ՝ յանձնառու դարձանք լծուելու եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ մեր եկեղեցին աւելիով պայծառացնելու գիտակցութեամբ։ Այս եղաւ Դպրեվանքը եւ այս բոլորը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ Դպրեվանքը այնքա՜ն պերճախօս կերպով արտայայտեց սերունդներու ճամբով՝ հոգեւորական թէ աշխարհական: Ահաւասիկ, 85 տարիներ ետք, այս բոլորը յիշելով ու յիշեցնելով կ’ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել Դպրեվանքի առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս»: Իր խօսքի աւարտին, ան գնահատեց Դպրեվանքի Տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին բծախնդիր եւ աչալուրջ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ բարերարներու գիտակից յանձնառութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին երգուեցան «Կիլիկիա»ն ու Հայրապետական մաղթերգը եւ ապա, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկաները:

More News