19 Դեկտեմբերի, 2019

ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ «ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԿԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒ» ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մատենադարանի տեսչութեան, Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բարսեղ Կանաչեանի «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» հատորներուն շնորհահանդէսը։

 

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի անդամներէն Շողիկ Եփրեմեան։ Ան նշեց, թէ շնորհահանդէսը առիթ է մեծարելու Կոմիտաս Վարդապետի վաստակը տարածող ու իր կարգին հայ դասական ժողովրդային երաժշտութիւնը հարստացնող հայ մեծ երաժիշտին՝ Բարսեղ Կանաչեանին։

 

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեանի կենսագրականը՝ շեշտը դնելով երաժշտական ասպարէզին մէջ անոր ունեցած ներդրումին։

 

Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան վեր առաւ Կանաչեանի երաժշտական վաստակը ու կատարեց վերլուծութիւն անոր երաժշտական հոգեբանութեան, փիլիսոփայութեան եւ արժէքաբանութեան՝ նշելով, որ Կանաչեան ո՛չ թէ աշակերտած է Կոմիտասին, այլ ան երաժիշտ էր արդէն նախքան Կոմիտասի հանդիպիլը։ Սրբազանը ըսաւ, որ անկարելի է Կանաչեանը բաղդատել այս կամ այն երաժիշտին հետ, եւ ի դէպ՝ Կանաչեան միջազգային երաժշտութեան երկնակամարին վրայ գտնուող օտար երաժիշտներուն հետ համահաւասար արժէք ունի, երբեմն ալ քիչ մը աւելի։

 

Ապա, Մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան արտասանեց իր խօսքը, ուր իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» գործին իր տուած օրհնութեան եւ արտօնութեան՝ հակառակ դժուարին կացութիւններուն. նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց երկհատորեակի երկու մասնագէտներուն՝ երգահաւագ եւ երաժշտաբան Պետրոս Ալահայտոյեանին եւ երաժշտական խմբագիր եւ համակարգչային նօթագրող  Դոկտ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանին, ինչպէս նաեւ մեկենասներուն։ Ան նաեւ յայտնեց, որ 2020 տարուան ընթացքին Երեւանի Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ եւս պիտի կատարուի սոյն ժողովածուին շնորհահանդէսը։

 

Աւարտին իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը։ «Եթէ այս պատերը լեզու ունենային՝ Կանաչեանին երգերը պիտի երգէին», սկսաւ իր խօսքը ու շարունակեց՝ ըսելով, որ իր աշակերտական օրերուն այս նոյն սրահին մէջ կը կազմակերպուէին բազմաթիւ ձեռնարկներ, ուր Կոմիտասի կողքին կ՚երգուէին Կանաչեանին մշակումները։ Ան շեշտեց, որ երբեմն աշակերտները կը գերազանցեն իրենց ուսուցիչները, ինչպէս կարելի է սեպել Կանաչեանին պարագան, եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ Կանաչեան այլապէս Կոմիտաս մը եղաւ. այս գծով ան ափսոսաց, որ հայրենիքին մէջ հարկ եղած ուշադրութիւնն ու արժէքը չէ տրուած Կանաչեանի վաստակին։ Իր խօսքի աւարտին, ան իր գնահատանքը յայտնեց Շահան սրբազանին, որ այս գործին նախաձեռնողը եղած էր ու նշեց, որ հայ եկեղեցին ընդհանրապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիսկոսութիւնը յատկապէս իր յատկանշանակ ներդրումը ունեցած է եւ կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ ունենալ հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն զարգացման եւ պահպանման եւ այս ինքնին իրագործում է, եզրափակեց ան։

 

Նշենք, որ շնորհահանդէսի ընթացքին ներկաներուն հրապուրեցին Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը՝ երգելով Կանաչեանի «Հայրենի Կարօտ»ը, «Ռազմերգ»ը եւ «Բամբ Որոտան»ը, եւ Շողիկ Թորոսեան՝ մեներգելով «Օրօր»ը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի։

 

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգին խմբերգով։

More News