ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, սկսան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստերը:

 

Առաջին հերթին, այսօր ամբողջ օրը հանդիպեցաւ Կրօնական Ժողովը: Վաղը պիտի հանդիպի քաղաքական ժողովը, իսկ Հինգշաբթի Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները պիտի ունենան իրենց միացեալ նիստը:

 

Յառաջիկայ օրերուն յիշեալ նիստերու ընթացքին առնուած որոշումներուն շուրջ տեղեակ պիտի պահենք մեր ժողովուրդի զաւակները: