Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Շաբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սրահին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ, իւրայատուկ հաւաք մը տեղի ունեցաւ՝ նուիրուած ձեռագիրներու պահպանման կարեւորութեան ու կարելիութեան: Ներկայ էին միաբան հայրեր, Դպրեվանքի սարկաւագներ, թանգարանի յանձնախումբի անդամներ եւ օտար հիւրեր: Հաւաքին յաջորդաբար խօսք առին Անթիլիասի մայրավանքէն ներս նոյն աշխատանքին լծուած գերմանացի մասնագէտները: Անոնք ներկաներուն պարզեցին ձեռագիրները պահպանելու ազդու միջոցները ու միաժամանակ Կաթողոկոսարանէն ներս իրենց կատարած աշխատանքը:

 

Յայտնենք, որ այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը կը վայելէ Գերմանիոյ կառավարութեան հովանաւորութիւնը՝ «Աշխարհի Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանումը» ծրագիրին ծիրէն ներս եւ կը կրէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի Կաթողիկոսարանէն փրկուած գանձերու պահպանում. հնատիպերու պահպանում եւ վերանորոգութիւն» վերնագիրը: Ծրագիրը նախաձեռնուած է համագործակցութեամբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Գերմանիոյ մէջ «Հայկական Մշակոյթի Պահպանութեան Ընկերութեան» եւ «Շթութկարթի Արուեստի եւ Ձեւագծումի Ակադեմիոյ Պահպանութեան Գիտութեան Հիմնարկ»ին:

 

Նորին Սրբութիւնը անգլերէն լեզուով կատարած իր փակման խօսքին մէջ, գնահատելէ ետք կատարուած լուրջ ու մասնագիտական աշխատանքը, անդրադարձաւ ձեռագիրներու կարեւորութեան հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս: Ան ըսաւ. «Անցեալին մեր պապերը իրենց արեան գնով պաշտպանեցին մեր ձեռագիրները. այսօր մե՛նք պէտք է պահպանենք զանոնք գիտական միջոցներով»: Ապա, ան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց յիշեալ ծրագիրին նպաստող պետական ու մասնագիտական կառոյցներուն եւ մասնագէտներուն: