ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի ձեռագիրներու վերանորոգման աշխատանքները սկսած են Մայրավանքէն ներս։ Այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը կը վայելէ Գերմանիոյ կառավարութեան հովանաւորութիւնը՝ «Աշխարհի Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանումը» ծրագիրին ծիրէն ներս եւ կը կրէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի Կաթողիկոսարանէն փրկուած գանձերու պահպանում. հնատիպերու պահպանում եւ վերանորոգութիւն» վերնագիրը։ Ծրագիրը նախաձեռնուած է համագործակցութեամբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Գերմիանիոյ մէջ «Հայկական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենին։ Դեսպանը Հայրապետը տեղեակ պահեց Վատիկանի եւ Լիբանանի յարաբերութեան առնչուած կարգ մը ծրագիրներու ու նոր զարգացումներու շուրջ։   Յայտնենք, որ Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազեն Լիբանանի Խորհրդարանէն ներս եղած է երեսփոխան, ինչպէս նաեւ քաղաքական գիտութեանց դասախօս՝ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ։