«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԴԻՄԵԼ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՈՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒ՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2019 Այսօր 10-րդ օրն է լիբանանցի ժողովուրդին ըմբոստութեան։ Ըմբոստութիւն փտածութեան, ընկերային-տնտեսական անարդարութեան, կաշառակերութեան եւ այլ յոռի երեւոյթներուն դէմ։ Առաջին իսկ վայրկեանին Մենք յստակ կերպով ըսինք, թէ ժողովուրդին հետ ենք՝ ամբողջութեամբ բաժնելով ժողովուրդին մտահոգութիւնը, ընդվզումը ու պոռթկումը։ Արդարեւ, այս ըմբոստութեամբ, որուն ռահվիրաները դարձան կիներն ու երիտասարդները, լիբանանցի ժողովուրդը գործնապէս վկայեց, թէ ինք միակամ…