Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ մշտական վերանորոգման ու վերակազմաւորման ընթացքի մէջ ըլլալ, որպէսզի կարենայ եկեղեցին պատերէն անդին ժողովուրդին տանիլ՝ ինչպէս յաճախ կը շեշտէ Վեհափառ Հայրապետը։ Եւ քանի որ շարունակական ուսումնառութիւնը եւ մասնագիտական զարգացումը նախապայման է որեւէ մարզի մը արդիւնաւէտութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, համագործակցաբար Հայկազեան Համալսարանի Շարունակական Ուսումնառութեան Կեդրոնին (Center for Continuing Education) եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ ու տնօրինութեամբ, վանաբնակ միաբանութեան համար նախաձեռնեց «Հոգե-Ընկերային Կազմաւորման Եւ Հմտութիւններու Մշակման» դասընթացքին։ Դասընթացքին բացումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան՝ ներկայութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։
Բացման խօսքը արտասանեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ծրագիրը։
Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ շարունակական ուսմանառութեան անհրաժեշտութեան՝ բոլոր ժամանակներուն եւ ասպարէզներուն մէջ, ու շեշտեց նոր հմտութիւններ ձեռք բերելու այս առիթին ամբողջական օգտագործման կարեւորութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը գնահատելով ծրագիրին նախաձեռնութիւնը՝ միաբան հայրերուն յիշեցուց ուսումը ընկերութեան զարգացման համար ի գործ դնելու անհրաժեշտութիւնը ու ընդգծեց, որ անիմաստ կը դառնայ ուսումը, եթէ ինքնակերտումէ անդին երթալով ազգին, եկեղեցւոյ ու հասարակութեան չծառայեցնենք։ Հայրապետը նշեց նաեւ, որ ուսումը այլոց հետ երկխօսութեան մէջ մտնել է, իսկ տուեալ դասընթացքը կու գայ կարեւոր ներդրում ունենալու միաբանութեան կրթութեան եւ հոգեմտաւոր կազմաւորման։ «Ուսումը կը նպաստէ ճիշդ կերպով մտածելուն ու հարցերու տրամաբանական եւ առողջ կերպով մօտենալուն։ Ինչպէս որ կեանքը ընթացք մըն է, նոյնպէս ալ ուսումը ընթացք է, եւ մենք չենք կրնար քայլ չպահել ներկայ արագընթաց ու արմատական փոփոխութիւններու մէջ գտնուող համաշխարհայնացած ներկայ դարուն հետ», ըսաւ Հայրապետը ։
Յայտնենք, որ այս ծրագիրը կ՚ընդգրկէ տասը հիմնական նիւթեր՝ ութ ամիսներու վրայ երկարած, իսկ աւարտին, իւրաքանչիւր ուսանող պիտի ներկայացնէ տեղեկատուական-խորհրդածական բնոյթի աշխատանք մը ու ստանայ համապատասխան վկայագիր՝ Հայկազեան Համալսարանին կողմէ։