Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեան եւ Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ, մօտէն տեղեակ դառնալու ընդհանրապէս Լիբանանի ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն։
Նորին Սրբութիւնը այս գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց Հայաստանի ու Արցախի նախագահներուն։ Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի հայութեան եւ խոստացան յառաջիկային դիմել գործնական քայլերու։