Երեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենին։ Դեսպանը Հայրապետը տեղեակ պահեց Վատիկանի եւ Լիբանանի յարաբերութեան առնչուած կարգ մը ծրագիրներու ու նոր զարգացումներու շուրջ։
Յայտնենք, որ Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազեն Լիբանանի Խորհրդարանէն ներս եղած է երեսփոխան, ինչպէս նաեւ քաղաքական գիտութեանց դասախօս՝ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ։