3 October, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՊԱՏԳԱՄԸ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑԷ ԻՒԹՐԵԽԹԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Վերջին երկու օրերու ընթացքին, Իւթրեխթի (Հոլանտա) մէջ տեղի ունեցող աստուածաբանական քննարկումները այսօր յետ միջօրէին հասան իրենց աւարտին։ Յայտնենք, որ երկու տարիներ առաջ Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ առաջարկով աստուածաբանական ու բարոյագիտական այժմէական հարցերու քննարկումներուն նուիրուած խորհրդակցական գործընթացք մը սկսած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ յիշեալ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Գործընթացքին նպատակն էր քննարկումներու ճամբով յստակեցումներ կատարել ու եկեղեցիներու մօտեցումները պարզել, միշտ ակադեմական հայեցակէտով։ Քննարկումներու առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

 

Ներկայ հանդիպումին, Իւթրեխթի մէջ, քննարկումները շարունակուեցան առաւելաբար երկու գլխաւոր նիւթերու շուրջ՝ մկրտութեան խորհուրդը, եկեղեցիներու եօթը խորհուրդներու ծիրէն ներս դիտուած եւ հանգիստ մահը (euthanasia), որ այսօր լայնօրէն սկսած է կիրարկուիլ բոլոր ընկերութիւններու կեանքէն ներս՝ յառաջացնելով թեր ու դէմ կարծիքներ։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր փակման խօսքին մէջ դարձեալ յիշեցուց, թէ ներկայ քննարկումները աստուածաբանական երկխօսութեան բնոյթ չունին եւ, հետեւաբար, անոնց նպատակը եզրակացութիւններու յանգիլ չէ, այլ հարցերու քննարկում է՝ զանազան ընկերամշակութային պայմաններու լոյսին տակ։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ այսօր եկեղեցին կ՚ապրի այնպիսի աշխարհի մէջ, ուր դաւանաբանական ու աստուածաբանական հարցերը, որոնք անցեալին բաժանումներ յառաջացուցած էին եկեղեցիներու կեանքէն ներս, փաստօրէն կորսնցուցած են իրենց այժմէականութիւնը։ Այսօր եկեղեցին կը դիմագրաւէ այնպիսի ընկերաբարոյագիտական խնդիրներ, որոնք անմիջականօրէն առնչուած են ժողովուրդի առօրեայ կեանքին՝ յառաջացնելով ներքին բաժանումներ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ծիրէն ներս, նոյնիսկ նոյն եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Հետեւաբար, Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ յատկապէս ընկերաբարոյագիտական խնդիրներու քննարկումը պէտք է տեղի ունենայ նախ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կողմէ՝ իր աստուածաբանական ուսուցումներու լոյսին տակ եւ ապա միջ-եկեղեցական շրջագիծէն ներս։

 

Նկատի ունենալով ընկերաբարոյագիտական հարցերու բազմաբնոյթ ու բազմերես ըլլալը, անոնց քննարկումը կը պահանջէ նաեւ ընկերային, հոգեբանական, բժշկագիտական, տնտեսական, մշակութային մօտեցումներ։ Այլ խօսքով, ըստ Նորին Սրբութեան, սոսկ աստուածաբանական մօտեցումը չի կրնար եկեղեցին առաջնորդել իրապաշտ լուծումներու։

 

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ յիշեալ աստուածաբանական քննարկումներուն կը մասնակցէին Զուիցերիոյ Ուեպսթըր համալսարանի բարոյագիտական նիւթերու Փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։

More News