Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏ ՇԱԲԱԹԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիրակութեան բաժանմունքին, 12-16 Օգոստոս 2019-ին Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի տօնին առիթով տեղի ունեցան Աստուածամօր նուիրուած հոգեպարար դասախօսութիւններու, խորհրդածութիւններու եւ աղօթասացութիւններու շարք մը, ինչպէս նաեւ օրական դրութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։   Երկուշաբթի առաւօտուն ուխտաւորները հաղորդուեցան «Մարիամ Աստուածածնի Կուսութիւնը» նիւթով, որ ներկայացուց Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ.…