23 August, 2019

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՐՕ ԵՒ ՍՕՍԷ ԷՇԿԻԵԱՆ ԵՒ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՅՈՎՍԷՓ ԵՒ ԷԼԻԶԱՊԷԹ ՊՈՅԱՃԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵՑԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԵՒ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԾԱԽՍԵՐԸ

Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեան ամոլը ստանձնեց Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութեան ծախսերը. իսկ դարձեալ նոյն թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան ամոլը ստանձնեց Մայր Տաճարի վերանորոգութեան ծախսերը։

 

Երկու կառոյցներուն վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են եւ պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս։

 

Յարմար առիթով Վեհափառ Հայրապետը պիտի պարգեւատրէ յիշեալ եկեղեցանուէր զոյգերը իրենց ազգային-եկեղեցական ծառայութիւններուն ու նուիրատուութիւններուն համար։

More News