ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾԱՒԱԼՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր բազմակողմանի ծառայու­թիւններուն մէջ, մասնաւորաբար մշակութային մարզը, յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է։ Արդարեւ Կաթողիկոսարանի ընդհանուր կառոյցին մէջ, զուտ մշակութային արժէք ներկայացնող բաժանմունքներն են՝ Մատենա­դարանը (հնատիպ եւ արդի գիրքեր), «Կիլիկիա» թանգարանը, ձեռագիրները, արխիւները, «Հասկ» ամսագիր պաշտօնաթերթը, «Հասկ» Հայագիտականը, Տպարանը եւ հրատարակ­չական ծրագիրները։   Մշակութային ոլորտէն ներս, Կաթողիկոսութիւնը թէ՛ թեմերու մակարդակին վրայ, եւ…