Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ՏՈՔԹ. ԱՒԵՏԻՍ ՏԱԳԷՍԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանին, ընկերակցութեամբ Ս. Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ Ժոզէֆ Կանիմեանի։

 

Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ քննարկումներ կատարելու ու տեսակէտներ փոխանակելու Հայաստանի այժմու կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցերու ու մարտահրաւէրներու։