Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ասորի քոյր եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին: Այցելութեան նպատակը ցաւակցութիւն յայտնել էր Նորին Սրբութեան՝ անոր մօր մահուան առիթով:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ ասորի եկեղեցիներու գործակցութեան եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական ու շրջանային հարցերու: