Երէկ, Հոլանտայի Իւթրեխթ քաղաքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տուաւ իր երկրորդ դասախօսութիւնը՝ «Միջ-եկեղեցական Շարժումը Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց» խորագիրով։
Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութենէն առաջ հանդիպում մը ունեցաւ Հոլանտայի միջ-եկեղեցական կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջ-եկեղեցական շարժումին ներկայ ժամանակներուն առնչուած շարք մը հարցեր, որոնց նկատմամբ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր տեսակէտները։
Ապա, անցնելով իր դասախօսութեան Նորին Սրբութիւնը յիշեց 1991 թուականին իրեն ուղղուած հարցումի մը տրուած իր պատասխանը, որ հետեւեալն է.- ի՞նչ կը նշանակէ «էքիւմէնիք» շարժում։ Պատասխանելով այս հարցումին՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսած է, թէ «էքիւմէնիք» շարժումը ուրիշին բացուիլ է, անոր հետ յարաբերիլ է, տեսակէտներու փոխանակում է, գործակցութեան զարգացում է, միասին աղօթել է, քննարկումներ կատարել է, եկեղեցին ու ընկերութիւնը յուզող հարցերու նկատմամբ հաւաքական տեսակէտներ ունենալ է եւ միասին ընթանալ է դէպի եկեղեցւոյ ամբողջական միութիւն։ Անդրադառնալէ ետք յիշեալ հաստատումին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ նոյն համոզումը ունի այսօր եւս, երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ։ Այսպէս եղած է «էքիւմէնիք» շարժումը իր էութեամբ ու նպատակով։ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ եկեղեցաբանութիւնը կը մերժէ ինքնաբաւ ու ինքնակեդրոն եկեղեցաբանութիւն։ Եկեղեցին ինքզինք կ՚ըլլայ ամբողջականօրէն, երբ յարաբերութեան մէջ կը մտնէ այլ եկեղեցիներու հետ՝ Քրիստոսի նոյն մարմինին զանազան անդամներուն հետ։ Եկեղեցին ինքզինք կ՚ըլլայ ճշմարտօրէն իր պատերէն անդին ժողովուրդին հետ ըլլալով, որովհետեւ եկեղեցին իր էութեամբ Աստուծո՛յ ժողովուրդն է։ Միջ-եկեղեցական շարժումը այս յիշեցումները կը կատարէ եկեղեցիներուն։
Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ միջ-եկեղեցական շարժումը սկիզբ առաւ եւ հաստատութենական կազմաւորում ստացաւ խումբ մը նուիրեալներու կողմէ 1948-ին։ Ապա, քանի մը տասնամեակներ յետոյ, Քրիստոսակեդրոն աստուածաբանական մտածղութեան շուրջ կազմաւորուած միջ-եկեղեցական շարժումը եկեղեցիներու գործօն մասնակցութեամբ դարձաւ եկեղեցակդրոն։ Եկեղեցիներու տիրական ներկայութիւնը մէկ կողմէն իր դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ՝ շարժումին տալով առաւելաբար եկեղեցական բնոյթ, իսկ միւս կողէն շարժումին շուրջ անցարգելներ հաստատեց՝ զայն հեռու պահելով յաճախ ընկերութիւնը յուզող հարցերէն։ Այս վերջին երեւոյթին գծով եկեղեցիները եղան զգուշաւոր՝ վախնալով, որ ընկերութեան հարցերու քննարկումը կրնայ վնասել իրենց ինքնութեան եւ քրիստոնէական արժէքներու։ Ճիշդ այս պատճառով յաճախ լարուածութիւններ յառաջացան միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս, արեւմտեան եկեղեցիներու եւ ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ աշխարհի պայմաններու փոփոխութեամբ նաեւ միջ-եկեղեցական շարժումին առաջնահերթութիւնները փոխուեցան, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցիներու մօտեցումները։ Այսօր, միջ-եկեղեցական շարժումը իր գործունէութեան ծիրը ընդլայնած է՝ ներառելով ընկերութեան կեանքի փաստօրէն բոլոր երեսները՝ կենսոլորտային հարցերէն մինչեւ ընկերատնտեսական հարցեր, մարդկային իրաւանց հարցերէն մինչեւ մարդասիրական հարցեր։ Երեւոյթ մը, որ կարգ մը պահպանողական եկեղեցիներու մէջ յառաջացուցած է մտահոգութիւն եւ նոյնիսկ հակամիջ-եկեղեցական մօտեցումներ։ Հայրապետը ըսաւ, որ ներկայ աշխարհին մէջ եկեղեցի՛ն պէտք է իր պատերէն ու կառոյցներէն անդին երթայ եւ դառնայ առաքելութիւն, Աւետարանի արժէքներն ու սկզբունքները տարածելու կոչուած. այլապէս պատերէն ներս մնալով եկեղեցին կրնայ կորսնցնել իր գոյութեան պատճառը։ Քրիստոս եկեղեցի չհիմնե՛ց իբրեւ ֆիզիքական կառոյց, այլ առաքելութիւն մը յանձնեց իր աշակերտներուն։ Եկեղեցին, որպէս Քրիստոսի խորհրդական մարմինը, անհրաժեշտ է որ առաքելութեան վերածուի։ Տագնապներով լեցուն ներկայ ընկերութեան կեանքէն ներս աւելի քան երբեք, այսօր եկեղեցին կոչուած է ինքզինք ըլլալու ու իրագործելու որպէս առաքելութիւն։ Ա՛յս է, որ կը յիշեցնէ միջ-եկեղեցական շարժումը եկեղեցիներուն որպէս մարտահրաւէր, շեշտեց Հայրապետը։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց ներկաներուն, թէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին առաջին համաժողովը տեղի ունեցած է Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ, 1948-ին, ուր եկեղեցիներու ուխտած էին միասին աղօթել, միասին գործել ու միասին ծառայել՝ ի խնդիր քրիստոնէական արժէքներու ու սկզբունքներու կենսագործման։ Ան մէջբերումներ կատարելով 1998-ին Ամսթերտամի մէջ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով իր արտասանած խօսքէն՝ կարեւորութեամբ ընդգծեց միջ-եկեղեցական շարժումին այժմէականութիւնը, որպէս եկեղեցիները առաւել գործակցութեան մղող եւ դէպի միութիւն առաջնորդող աստուածահիմն շարժում։
Իր խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ անհրաժեշտ է որ եկեղեցիներ քայլ պահեն ներկայ ժամանակներու զարգացումներուն հետ, համապատասխան մօտեցումներ ունենան ընկերութիւնը յուզող հարցերու նկատմամբ, ժողովրդանուէր ծառայութիւնը դարձնեն իրենց առաքելութեան ճանապարհը՝ միշտ մեկնելով աստուածաշնչական արժէքներէն եւ ուսուցումներէն։ Այս գծով հրամայական է դերը միջ-եկեղեցական շարժումին, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Հայրապետին խօսքէն ետք հարցումներ ուղղուեցան միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութեան առնչուած, որոնց ան տուաւ պատասխաններ՝ միշտ մեկնելով իր ունեցած փորձառութենէն, ծանօթութենէն եւ համոզումներէն։
Յայտնենք, որ Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ պետ Ճորիս Վերքամեն Արքեպիսկոպոսը կատարեց թէ՛ հանդիպումին եւ թէ դասախօսութեան բացման ու փակման խօսքերը՝ իր գնահատանքը յայտնելով Հայրապետին, որ ներկաներուն առիթ տուած էր հաղորդ դառնալու իր ունեցած աստուածաբանական խոր հմտութեան ու միջ-եկեղեցական լայն փորձառութեան։
Աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հայկական ոճով պատրաստուած խաչ մը նուիրեց Արքեպիսկոպոս Ճորիսին։