Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ԻՒԹՐԵԽԹ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ

Շարունակելով իր պաշտօնական այցելութիւնը Հոլանտա, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այսօր առաւօտեան Իւթրեխթէն մեկնեցաւ Լահէյ՝ Հոլանտայի քաղաքական մայրաքաղաքը, Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ պետ Ճորիս Վերքամեն Արքեպիսկոպոսին հետ միասին եւ հանդիպում ունեցաւ իշխող կուսակցութեան արտաքին յարաբերութեանց խորհրդարանի յանձնախումբի ատենապետին հետ, քաղաքաի կառավարական շէնքին մէջ։ Խորհրդակցութեան առանցքը Միջին Արեւելքն էր, որուն ծիրէն ներս անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ու Հոլանտայի յարաբերութեանց։

 

Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ միջեւ տեղի ունեցող աստուածաբանական ու ընկերաբարոյական հարցերու քննարկման եւ պարզեց իր մօտեցումները եկեղեցիները դիմագրաւող կարգ մը զգայուն հարցերու գծով։

 

Երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը Արքեպիսկոպոս Ճորիսին հետ նախագահեց երեկոյեան հանդիսաւոր եկեղեցական արարողութեան եւ իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։

 

Աւելի ուշ, Հայրապետը տուաւ իր դասախօսութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիները դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն մասին։ Իւթրեխթի համալսարանի աստուածաբանութեան դասախօսներէն Դոկտ. Փիթըր Պէն Սմիթը ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետը՝ վեր առնելով Նորին Սրբութեան հարուստ փորձառութիւնը աստուածաբանական ու միջ-եկեղեցական բնագաւառներէն ներս։

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր դասախօսութիւնը բաժնած էր երեք բաժիններու։ Առաջին բաժինին մէջ ան ընդգծեց Միջին Արեւելքին իւրայատկութիւնները՝ կրօնական, մշակութային ու քաղաքական մարզերէն ներս։ Երկրորդ բաժինին մէջ Հայրապետը մատնանշեց եկեղեցիներուն դիմագրաւած գլխաւոր մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները, իսկ երրորդ բաժինով ան անդրադարձաւ ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ազդու միջոցներուն։

 

Աւելի քան ժամ մը տեւած դասախօսութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց ներկաներուն կողմէ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն։

 

Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութեան փակումը կատարեց Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ճորիս Վերքամեն Արքեպիսկոպոսը։ Ան, իր կարգին, գնահատեց Հայրապետին պարզած մտածումներն ու կատարած վերլուծումները՝ իր մէջ տեսնելով քրիստոնէական աշխարհի մեծագոյն առաջնորդներէն մէկը։