ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՆԿԼԻՔԱՆ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

28 Հոկտեմբերէն 1 Նոյեմբեր 2019-ին, Գահիրէի մէջ, Եգիպտոս, տեղի ունեցաւ Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբի 8-րդ հանդիպումը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։

 

Ժողովը շարունակեց 2017 թուականին Իրլանտայի մէջ ընթացք առած եւ 2018-ին Լիբանանի մէջ շարունակուած «Հեղինակութիւնը Եկեղեցւոյ Մէջ» օրակարգը ու քննարկեց «Տիեզերական Ժողովներու Որոշումները» օրակարգը, որ նաեւ որոշուեցաւ որպէս յառաջիկայ տարուան աշխատանքային օրակարգ։ Ժողովին նաեւ ներկայացուեցան «Եպիսկոսպոսներ եւ Սինհոտոսներ» նիւթին վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ։

 

Ընդառաջելով մեր Ս. Աթոռին ներկայացուցիչին առաջարկին, յանձնախումբը  ողջունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան որդեգրած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունումը։

 

Յայտնենք, որ յանձնախումբը իր յառաջիկայ ժողովը պիտի գումարէ 26-էն 30 Հոկտեմբեր 2020-ին, Անգլիոյ մէջ։