ԲԱԶՄԱՀԱԶԱՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱՆՈՒՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ս. Աստուածամօր վերափոխման տօնը հայ եկեղեցւոյ համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան իր մէջ կը պարփակէ կրօնական ու ազգային դիմագիծերը։ Ան եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը կը հանդիսանայ: Վերափոխման տօնին առիթով, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը նշէ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրը, տեղի կ՚ունենայ Աստուածաշունչին եւ մեր հայերու աւանդութեան համաձայն երախայրիքի եւ ոչխարի ընծայումը։ Ասիկա ոչ միայն իր պատմական հողէն արմատախիլ եղած հայ ժողովուրդին դարաւոր սովորութիւններուն շարունակականութիւնն է, այլեւ հաւատքի ցոլացում է, որ կը ներկայացուի իր արտի բերքէն առաջինը Ամենակալին ընծայելու։

 

Արդարեւ, Շաբաթ, 17 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին Վանքի բացօթեայ խորանին վրայ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, իսկ անոր երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։

 

Պատարագի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը թափօրով Ս. Խորան բարձրացաւ եւ համաձայն հայ եկեղեցւոյ հայրերու կանոններուն կատարեց խաղողի ու մատաղի օրհնութիւնը եւ ընթերցեց Աստուածամօր ուղղուած գոհաբանական աղօթք։

 

Մատաղի օրհնութենէն անմիջապէս ետք Հայրապետը փոխանցեց իր պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ այս տարի կ’ուզէ անդրադառնալ հայ ժողովուրդի կեանքին ու հզօրութեան ամէնէն զօրեղ հիմքերէն ընտանիքին ու դպրոցին:

 

Խօսելով ընտանիքի մասին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ 2004 տարին Հայրապետական կոնդակով հռչակած էր «Հայ Ընտանիքի Տարի», «սակայն մեզի համար ամէ՛ն տարի հայ ընտանիքի տարի է եւ աւելին՝ ամէ՛ն օր ու ամէ՛ն վայրկեան, որովհետեւ հայ ընտանիքը մեզի համար սրբազան կառոյց է, որոշ իմաստով՝ եկեղեցի, դպրոց ու հայրենիք է: Վայ մեզի, եթէ խախտի հայ  ընտանիքի արժէքներու համակարգը ու ապականի հայաբոյր մթնոլորտը: Այսօր, երբ համաշխարհային մշակոյթը, ապաբարոյ ու ապազգային արժէքները սկսած են թափանցել հայ ընտանիքէն ներս. այսօր, երբ ընկերային պայմաններու հետեւանքով խառն ամուսնութիւնները ու ամուսնալուծումները սկսած են դառնալ բնական երեւոյթներ, առաւել քան երբեք մենք նախանձախնդիր ու խստապահանջ պէտք է ըլլանք հայ ընտանիքին նկատմամբ, որովհետեւ, երբ հայ ընտանիքը քայքայուի մեր ազգը ու հայրենիքը կը քայքայուին»:

 

Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ այս օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող այսպէս կոչուած «Իստանպուլի Գոնվենցիայ»ի շուրջ քննարկումներուն: Կնոջ նկատմամբ բռնութիւնները դատապարտող Եւրոպական Խորհուրդի յիշեալ փաստաթուղթին մէջ Նորին Սրբութիւնը դրական կէտեր նկատելով հանդերձ, նաեւ վտանգալից կէտեր տեսաւ հայ ընտանիքի արժէքներուն առնչուած: Ան շեշտակի կերպով ըսաւ. «Հայ ընտանիքին, անոր արժէքներուն, ինքնութեան ու կոչումին ուղղակի կամ անուղղակի վնասող որեւէ փաստաթուղթի, մտածելակերպի, գործելակերպի ու կենցաղակերպի նկատմամբ, մենք՝ որպէս Կաթողիկոս, բացարձակապէս դէմ ենք»:

 

Իր Հայրապետական պատգամին երկրորդ բաժինին Հայրապետը անդրադարձաւ հայ դպրոցին ու անոր առաքելութեան: Ան յիշեցուց, թէ ինչպէս հայ ընտանիքը, նոյնպէս ալ հայ դպրոցը որոշ իմաստով հայրենիք է ու եկեղեցի՝ իր քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեամբ: Հայ դպրոցը այս գիտակցութեամբ կը մօտենայ հայ աշակերտին եւ սպասելի է, որ նոյն ոգիով հայ ծնողքը մօտենայ հայ դպրոցին: Ապա, ան կոչ ուղղեց իրենց զաւակները օտար դպրոց առաջնորդող ծնողներուն, իրենց զաւակները յանձնելու հայ դպրոցին, որպէսզի հայաբոյր մթնոլորտին մէջ անոնք հայօրէն դաստիարակուին:

 

Նորին Սրբութիւնը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Ս. Մարիամ Աստուածածնին բարեխօսութիւնը խնդրեց, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու մնան ամէն տեսակ փորձանքներէ, առողջութիւն պարգեւէ հիւանդներուն եւ «գործոց բարեաց» յաջողութիւն, ամրացնէ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը եւ մեր ազգն ու հայրենիքը առաջնորդէ դէպի փայլուն ապագայ:

 

Պատարագի աւարտին, ուխտաւոր ժողովուրդը հաղորդուեցաւ եւ ստացաւ օրհնուած մատաղն ու աստուածային բարիքներու խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի առաջին ճիռերը: