ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան մաս կազմող միաբաններ կը ծառայեն թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքէն եւ թէ՛ թեմերէն ներս: Անոնց ծառայութեան վայրն ու բնոյթը, ինչպէս նաեւ ժամանակաշրջանը մնայուն հանգամանք չունին, կը ճշդուին Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ՝ ըստ կարիքի ու յարմարութեան:

 

Միաբանութեան ծառայութեան դաշտէն ներս հետեւեալ փոփոխութիւններն ու նշանակումները կատարուեցան.-

 

— Գերշ. Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեան երկար տարիներ որպէս մատենադարանապետ ծառայելէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ եւ զինք փոխարինեց Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

 

— Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, նշանակուեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէն։

 

— Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան թեմի Ֆրեզնօ եւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքներուն մէջ ծառայող Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան շուտով պիտի վերադառնան Մայրավանք: Յիշեալ միաբանները պիտի փոխարինեն Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան։

 

— Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեան վերադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանք, զինք շուտով պիտի փոխարինէ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանը։

 

— Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանը մեկնեցաւ Յունաստան, որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայելու թեմի հիւսիսային շրջանին մէջ:

 

— Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան շուտով պիտի մեկնի Քուէյթ՝ իբրեւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ։ Յիշեալ Բաժանմունքին վարիչ նշանակուեցաւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան։

 

Յայտնենք, որ Մայրավանքէն ներս եւս վանաբնակ միաբաններու պաշտօններու փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ։ Միաբաններ իրենց համալսարանական ուսումը կը շարունակեն Հռոմի, Վէնքուվըրի, Սիտնիի, Պէյրութի եւ Նիւ Եորքի մէջ: