News

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

03 September 2019

Վեհափառ Հայրապետը Զուիցերիա եւ Հոլանտա տուած իր աշխատանքային այցելութենէն այսօր վերադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանք։

 

Յիշեալ այցելութեան ընթացքին Հայրապետը մօտէն հետեւեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի դատի վերջին զարգացումներուն առնչուած աշխատանքներուն՝ մնայուն կապի մէջ ըլլալով իրաւական յանձնախումբի անդամներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ հետապնդեց Հոկտեմբերի սկիզբը Հոլանտա կատարելիք իր այցելութեան առնչուած եւ Նոյեմբերին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք միջ-եկեղեցական համագումարի ծրագիրներուն աշխատանքները։

 

Սիսի դատին եւ վերոյիշեալ հանդիպումներուն ու ժողովներուն գծով օրին լայն ու մանրամասն անդրադարձ պիտի կատարուի։ Այցելութեան Նորին Սրբութեան կ՚ընկերանար Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան։