Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ պետական կրօնք հռչակուեցաւ չորրորդ դարուն սկիզբը, 301 թուականին, իսկ անկէ առաջ միշտ հալածանքներու ենթարկուած էին բոլոր անոնք, որոնք հեթանոսութենէ դուրս ուրիշ կրօնքի կը պատկանէին։ Հայ եկեղեցին իր Տօնացոյցին եւ Յայսմաւուրքին մէջ ունի Հայաստան աշխարհի նախաքրիստոնէական դարերուն նահատակուած բազմաթիւ մարտիրոսներու ու նահատակներու անուններ: Սա ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը գոյութիւն ունեցած է եւ այդ ժամանակաշրջանին ապրող քրիստոսադաւան քրիստոնեաներ իրենց հաւատքին համար նահատակուած են: Հետեւաբար, քրիստոնէութիւնը գոյութիւն ունեցած է Հայաստանի մէջ առաջին երեք դարերուն։ Առ այդ, մեր պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ հայ եկեղեցին հիմնուած է Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն կողմէ, իսկ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով, 301 թուականին, ստացած է իր վարչական ու հաստատութենական բնոյթը։ Այս իսկ պատճառով մեր եկեղեցին կը կոչուի ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ եւ ո՛չ լուսաւորչական: Հետեւաբար, եթէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով սկսէր մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը կամ ծագումը, միայն այն ատեն կարելի պիտի ըլլար Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին կոչել «լուսաւորչական» եկեղեցի:
Արդարեւ, Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2019-ին, հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեաւ Ս. եւ Անմահ Պարատագ՝ ձեռամբ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանի։
Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ ըսաւ, թէ Քրիստոսի երկու առաքեալները՝ Ս. Թադէոսն ու Ս. Բարթողիմէոսը դարձան ցորենի առաջին հատիկները, որոնք ինկան Հայաստանի աշխարհին մէջ, տալու համար մէկի փոխարէն երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր, աւետարանական բացատրութեամբ։ Անդրադառնալով առաքեալներուն նահատակութեան, ան յայտնեց, որ այսօր մեզմէ նահատակութիւն չէ որ կը պահանջուի, այլ Քրիստոսի կամքն է, որ մենք առաքեալներուն նման ունենանք սէր, աննենգ հաւատքով քարոզենք աստուածային ճշմարտութիւնները եւ հաստատակամօրէն Քրիստոսը վկայենք ու հռչակենք մեր փրկութեան միակ աղբիւրը։ Հետեւաբար, թող սուրբ առաքեալներուն տօնը առիթ ըլլայ նորոգելու մեր հաւատքը, այն հաւատքը որուն պաշտպաններն ու պահապանները եղան մեր նախահայրերը, նոյնիսկ արեան վկայութեամբ։