ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երէկ՝ Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք, որուն ներկայ էին վանաբնակ հինգ եպիսկոպոսներ եւ քսան վարդապետներ:   Վեհափառ Հայրապետը հայրաբար ողջունելով միաբան հայրերը՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ամրան շրջանին թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքին եւ թէ՛ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Կաթողիկոսարանը իր ժողովրդանուէր առաքելութիւնը շարունակած է՝ միաբան հայրերուն գործօն…