31 Հոկտեմբերի, 2019

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԺՈՂՈՎԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները Երեքշաբթի ու Չորեքշաբթի (29-30 Հոկտեմբեր 2019) օրերուն ունեցան իրենց աշխատանքային հանդիպումները եւ ապա Հինգշաբթի (31 Հոկտեմբեր 2019)՝ միացեալ հանդիպում մը: Ստորեւ զեկոյցներով, քննարկումներով ու որոշումներով հարուստ յիշեալ երեք լիակատար հանդիպումներու աշխատանքային ամփոփ պատկերը.-

 

Ա) ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

 

1) Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն

Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, իբրեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան հիմնական տարածքներէն մէկը, կարեւոր տեղ գրաւեց Կրօնական Ժողովի օրակարգին վրայ: Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան գրաւոր զեկոյց մը ներկայացուց, ուր անդրադարձ կատարուած էր կիրակնօրեայ վարժարաններու յատուկ դաստիարակչական ծրագիրի մը եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան ընդհանուր ուղեցոյցի մը պատրաստութեան, մասնագիտական ու ժողովրդային հրատարակութիւններու, կանանց յատուկ հոգեւոր լսարաններու, հոգեւոր խմբակցութիւններու եւ շարժումներու հետ գործակցութեան, ժողովրդային դասախօսութիւններու, սրբանկարչութեան դասընթացքներու, երիտասարդներու յատուկ պատարագներու եւ Cilicia TV-ի համար հոգեւոր խորհրդածութիւններու ու հարցազրոյցներու: Յառաջիկայ վեց ամիսներու աշխատանքը ներառող այս ծրագիրները վաւերացուեցան Կրօնական Ժողովին կողմէ:

 

2) Միջ-եկեղեցական ու Միջ-կրօնական

Սուրբ Աթոռին միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց մասին զեկոյց տրուեցաւ բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանի կողմէ: Հայր սուրբը ամփոփ կերպով ներկայացուց միջ-եկեղեցական կառոյցներու, եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ միջ-կրօնական կեդրոններու հետ մեր լայնածիր յարաբերութեանց պատկերը: Այս մարզէն ներս նաեւ ներկայացուեցաւ յառաջիկայ ամիսներուն տեղի ունենալիք հանդիպումները: Կրօնական Ժողովը ընդգծեց միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն իւրայատուկ կարեւորութիւնը եւ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու անհրաժեշտութիւնը:

 

3) Երիտասարդութիւն

Կրօնական ժողովը յատուկ կերպով անդրադարձաւ երիտասարդութեան: Զեկոյցներ տրուեցան Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, Զարեհ Վրդ.ի եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանի կողմէ: Տրուած զեկոյցները անդրադարձան երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտեցնելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու, տեղի ունեցած համագումարներու եւ յառաջիկայ ծրագիրներու, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) գործունէութեան եւ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի (Հ.Հ.Հ.) աշխատանքներուն: Գնահատելով կատարուած աշխատանքները, Կրօնական Ժողովը շեշտեց յաճախ ձեւական դարձող նախաձեռնութիւններէ անդին՝ ներկայ աշխարհի պայմաններու լոյսին տակ երիտասարդները մեր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու հրամայականը:

 

4) Ամառնային Երիտասարդական Սեմինար

Անցնող երկու ամառներու ընթացքին, Դպրեվանքին եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին միացեալ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած, հիւսիսային Ամերիկայի համալսարանականներու յատուկ դասընթացքը յաջող ու արդիւնալից իրագործում մըն էր, որուն մասին արժեւորումներ կատարուեցան Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանի եւ Զարեհ Վրդ.ի կողմէ, որպէս վարիչներ յիշեալ նախաձեռնութեան: Ժողովը ողջունելով դասընթացքին իւրայատուկ կարեւորութիւնը, թելադրեց նմանօրինակ ծրագիրներ մշակել նաեւ այլ թեմերէ ներս՝ աշխարահագրականօրէն իրարու մօտ թեմերու միացեալ գործակցութեամբ:

 

5) Քահանայից Պատրաստութիւն

Յիշեալ ծրագիրի վարիչ Հրանդ Վրդ.ի կողմէ տրուած զեկոյցը լայնօրէն քննարկուեցաւ Ժողովին կողմէ եւ շեշտուեցաւ հետեւողական կերպով ու թեմերու գործակցութեամբ նոր քահանաներու պատրաստութեան առաջնահերթութիւնը: Այս ծիրէն ներս նաեւ վերաշեշտուեցաւ հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու համագործակցութեամբ յիշեալ թեմերու համար քահանայացուներու պատրաստութեան ու վերաորակաւորման տարիներ առաջ ճշդուած ծրագիրի մը մշակումը:

 

6) Դպրեվանք

Ժողովը լսեց Դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս Վրդ.ի զեկոյցը: Ապա, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ առանցքային տեղ գրաւած հոգեմտաւոր կառոյց, ժողովականները քննարկեցին Դպրեվանքի կողմէ կատարուող աշխատանքին զանազան երեսները ու շեշտեցին Դպրեվանքի առաքելութեան նոր որակ ու մղում տալու հրամայականը: Այս ծիրէն ներս յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ բոլոր թեմերէն աշակերտ ունենալու անհրաժեշտութիւնը:

 

7) Տեղեկատուական Բաժանմունք

Ներկայ աշխարհին մէջ կեդրոնական տեղ գրաւած տեղեկատուական աշխատանքները նաեւ մեր Ս. Աթոռին առաքելութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն: Այս մասին զեկոյց տրուեցաւ բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ Վրդ.ին կողմէ: Ժողովը քննարկեց կատարուած աշխատանքը ու տեղեակ դարձաւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:

 

8) Հասկ

Կաթողիկոսարանի պաշտօնաթերթ Հասկի մասին զեկոյց տրուեցաւ խմբագրապետ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեանի կողմէ: Ան շեշտեց ներկայ ժամանակներուն առնչուած եւ որակ ունեցող ուսումնասիրութիւններ ներառելու կարեւորութիւնը: Կրօնական Ժողովը իր կարգին շեշտեց Հասկ-ը մեր ժողովուրդին հասցնելու եւ անոր բաժանորդներուն թիւը աւելցնելու անհրաժեշտութիւնը:

 

9) Ընկերաբարոյագիտական Հարցեր

Ներկայ ընկերութեան հետ սերտօրէն առնչուած նման հարցերու քննարկումը մեր եկեղեցւոյ կողմէ նկատուեցաւ կենսական: Յիշեցում կատարուեցաւ, որ արդէն իսկ Հասկ-ին մէջ սկած են նման բնոյթի յօդուածներ տպուիլ: Կրօնական Ժողովը ընդգծեց յիշեալ զգայուն հարցերուն քննարկումը:

 

10) Աստուածաշունչի Թարգմանութիւն

Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի թարգմանութեան աշխատանքին երկար տարիներէ ի վեր լծուած Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան Ժողովը տեղեակ պահեց վերջին շրջանին կատարուած աշխատանքին եւ յառաջիկայ հանգրուաններուն մասին: Ան նաեւ յայտնեց, որ վերջերս Նոր Կտակարանի եւ Սաղմոսներու երրորդ հրատարակութիւնը կատարուած է Կաթողիկոսարանին կողմէ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ սրբագրութիւններու ենթարկուած «Նարեկ» աղօթամատեանին արեւմտահայերէնի հրատարակութիւնը:

 

11) Հայրապետական ու Հանրապետական Մաղթանքներ

Այս մաղթանքներու վերամշակումը վերջերս կատարուեցաւ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանէ, Օշական Արք.է եւ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանէ բաղկացած յանձնախոմբին կողմէ։ Ժողովը որդեգրեց կատարուած աշխատանքը առ ի գործադրութիւն:

 

12) Ծիսական Բարեկարգում

Եկեղեցին ժողովուրդին մօտեցնելու նպատակով անհրաժեշտ նկատուեցաւ ծիսական կեանքին առնչուած որոշ բարեկարգումներ կատարել, բնականաբար պահելով մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցը, աւանդութիւները, ուսուցումները եւ դաւանական տեսակէտները: Այս աշխատանքը կատարելու համար յանձնախումբ մը նշանակուեցաւ բաղկացած հետեւեալ միաբաններէ.- Կոմիտաս Արք., Օշական Արք., Նարեկ Արք., Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Շահէ Եպս., Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան:

 

13) Յարաբերութիւն Հայ Կաթողիկէ Եւ Աւետարանական Եկեղեցիներուն Հետ

Այս մասին զեկոյցներ տրուեցան առաջնորդ սրբազաններուն կողմէ: Բոլորն ալ յիշեցուցին, թէ իրենց թեմերէն ներս հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներուն հետ սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն ունին: Կրօնական Ժողովը ողջունելով այս դրական երեւոյթը՝ թելադրեց նոյն ոգիով շարունակել իրենց գործակցութիւնը:

 

14) Վեհափառ  Հայրապետին Գահակալութեան 25-ամեակ

Կրօնական ժողովը կարեւորութեամբ շեշտեց 2020-ին Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակին նշումը յատուկ լուսարձակի տակ բերելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ուղղութեամբ Ժողովը յայտնեց շարք մը մտածումներ:

 

15) Թեմերէն Եկած Մտահոգութիւններ Ու Առաջարկներ

Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ թեմերէն փոխանցուած շարք մը մտահոգութիւններուն ու առաջարկներուն, առաւելաբար տեղական բնոյթ ունեցող: Այս գծով ան կատարեց անհրաժեշտ թելադրութիւնները:

 

Իւրաքանչիւր հարցի քննարկման ընթացքին ու աւարտին Նորին Սրբութիւնը ժողովականներուն փոխանցեց իր մտածումներն ու մտահոգութիւնները՝ կատարելով անհրաժեշտ արժեւորումն ու եզրակացութիւնը: Ան յատկապէս շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-

 

ա) Յատուկ ուշադրութիւն հարկ է ընծայել մեր եկեղեցւոյ քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութեան: Այս երկու մարզերէն ներս կատարուած աշխատանքները ձեւական կամ քարոզչական բնոյթ պէտք չէ ունենան: Անոնք եկեղեցւոյ գոյութեան ու առաքելութեան էութիւնը կը կազմեն: Հետեւաբար, բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ աշխատանքները պէտք է կատարուին մեր թեմերէն ներս, տուեալ պայմաններուն ու դրուածքներուն համապատասխան մօտեցումով: Նորին Սրբութիւնը գնահատելով հանդերձ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, թէ՛ Կաթողիկոսարանին եւ թէ թեմերուն կողմէ, շեշտեց աւելին կատարելու հրամայականը:

 

բ) Մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքներուն տարածումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս անյետաձգելի առաջնահերթութիւն մըն է, շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս: Բնականաբար, այս ուղղութեամբ աշխատանքներ կը կատարուին: Սակայն, դարձեալ անհրաժեշտ է նոր մղում ու ծաւալ տալ հոգեւոր արժէքներու կենսագործման մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ առաւելագոյն չափով օգտագործելով արհեստագիտական ազդու միջոցները:

 

գ) Երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մէկն է: Ճի՛շդ է, Կաթողիկոսարանը այս գծով լայն գործունէութիւն ունեցած է, մեր թեմերը իրենց կարգին զանազան կերպերով յատուկ կարեւորութիւն կու տան իրենց երիտասարդներուն: Սակայն, բաւարար չէ: Փաստօրէն երիտասարդութիւնը հեռու է հայ կեանքէն: Պէտք չէ բաւարարուինք լսարաններ, համագումարներ, ուխտագնացութիւններ կազմակերպելով, այլ անհրաժեշտ է երկխօսութիւն ունենալ երիտասարդներուն հետ, հաղորդ դառնալ անոնց մտահոգութիւններուն: Մե՛նք պէտք է մօտենանք երիտասարդներուն փոխանակ սպասելու, որ  իրենք մօտենան մեր եկեղեցւոյ ու համայնքին:

 

դ) Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ քահանայից պատրաստութեան՝ յիշեցնելով, որ մեր եկեղեցւոյ ներկայ քահանայից դասը իր պատրաստութեամբ ու նուիրումով չի համապատասխաներ մեր ժողովուրդի սպասումներուն ու կարիքներուն: Հարկ է ըլլալ իրապաշտ, որպէսզի կարենանք ճիշդ տեսնել մեր եկեղեցւոյ թերութիւնները՝ հեռու մնալով ամէն բան վարդագոյն տեսնելու վնասաբեր մօտեցումներէ: Այս ուղղութեամբ մեր կատարած աշխատանքը պէտք է կրկնապատկել՝ պատրաստելով այնպիսի սերունդ մը, որ ոչ միայն գիտութեամբ լեցուն ըլլայ, այլ նաեւ մեր ժողովուրդի ներկայ պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն հաղորդ եւ նուիրումով ծառայելու պատրաստ:

 

(Շար. Ա)

More News