ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՐ՝ ՏԻՐԱՄԱՅՐ ԼՈՒՍԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, Խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին ներկայացուցիչներուն, հոգեւոր պետերու ու ներկայացուցիչներու, միաբանութեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն, ընտանիքի անդամներուն եւ հաւատացեալներու, Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի թաղման կարգը։   Իր դամբանականին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի…