«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ՀԱՄԱՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻՈԿՈՍ

24-27 Նոյեմբեր 2019-ին, Պուտափէշտի (Հունգարիա) մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին ուղղած իր պատգամին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց Արեւմուտքի եկեղեցիներուն, պետութիւններուն ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն գործնապէս զօրակցելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն:

 

Միջազգային համագումարը կազմակերպուած էր Հունգարիոյ պետութեան կողմէ ի պաշտպանութիւն «Հալածուող Քրիստոնեայ» համայնքներուն խորագիրով: Համագումարին կը մասնակցէին աւելի քան 200 բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ՝ հոգեւորականներ, նախարարներ, երեսփոխաններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ՝ Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն ու Ափրիկէէն: Համագումարին կազմակերպիչ նախարարը շուրջ երկու ամիսներ առաջ այցելած էր Վեհափառ Հայրապետին ու զինք հրաւիրած իր պատգամը փոխանցելու: Լիբանանէն ներս տիրող կացութեան հետեւանքով, Նորին Սրբութիւնը չկարողացաւ անձնապէս մասնակից ըլլալ: Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան մասնակցեցաւ համագումարին ու կարդաց Հայրապետին պատգամը:

 

Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը նետելով ներկայ ժամանակներուն՝ կը յիշեցնէ, թէ համաշխարհայնացած աշխարհը սկսած է տիրապետուիլ բռնութեամբ, որ զանազան կերպերով կ՚արտայայտուի ընկերութեան կեանքին մէջ: Այս ծիրէն ներս ան իսլամական աշխարհին մէջ յառաջացած արմատական ու ծայրայեղ շարժումները նկատեց կործանարար հետեւանքներ ունեցող երեւոյթներ ո՛չ միայն քրիստոնէական աշխարհին, այլեւ՝ իսլամական: Խօսելով Միջին Արեւելքի մասին, Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց հետեւեալ կէտերը. առաջին, ահաբեկչութիւնը սոսկ Միջին Արեւելքի առնչուած հարցը չէ, այլ՝ միջազգային հարց է. հետեւաբար, համապատասխան մօտեցում հարկ է ճշդել: Երկրորդ, ահաբեկչութիւնը ուղղուած չէ միայն քրիստոնեաներուն, այլեւ բոլոր անոնց, որոնք չեն բաժներ ծայրայեղական ահաբեկիչներու տեսակէտները: Երրորդ, ճիշդ չէ ըսել, որ «քրիստոնեաները կը հալածուին իսլամներու կողմէ», ինչպէս երբեմն կը լսենք արեւմտեան շրջանակներէն ներս: Քրիստոնեաներ եւ իսլամներ գոյակցած են շրջանէն ներս փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեան սկզբունքներէ մեկնած:

 

Վեհափառ Հայրապետը, որպէս շօշափելի օրինակ յիշեց հայ ժողովրուրդը, որ գոյակցած է իսլամներուն հետ Հայաստանի, Կիլիկիոյ ու Միջին Արեւելքի մէջ: Հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը կրօնական բնոյթ չունէր, այլ՝ քաղաքական ու ցեղային, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:

 

Իր պատգամին երկրորդ բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ութ կէտերէ բաղկացած գործնական առաջարկներ ներկայացուց համագումարին՝ օգտակար հանդիսանալու քրիստոնեայ համայնքներու ծրագիրներուն, որպէսզի անոնք կարենան վերակազմակերպել ու վերաաշխուժացնել իրենց հաւաքական կեանքը։