ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ԴԻՄԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ՝ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը30 Յուլիս 2019-ին դա՛րձեալ դիմեց թրքական դատարան, օրինական հայցներկայացնելով Սիսի նախադատատեանին մօտ՝ պահանջելով Սիսիպատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը:


Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ Կաթողիկոսարանի հետ աշխատակցող միջազգային եւ թուրք իրաւաբաններու զոյգ յանձնախումբերու ունեցած աշխատանքային եւ խորհրդակցական հանդիպումներու լոյսին տակ, որոշուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը ներկայացնել Թուրքիոյ Սիս (Քոզան) քաղաքի նախադատ ատեանին մօտ:

Շուրջ հազար էջերէ բաղկացած թղթածրարը պատրաստուած է իրաւական զոյգ յանձնախումբերու միացեալ աշխատանքով՝ հիմնուելով թրքական օրէնքի տրամադրութիւններուն, միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանի պաշտպանած իրաւունքներուն վրայ, պաց ու ապահով պահելով Եւրոպական Դատարան վերադառնալու ուղին:

Յիշեցնենք, որ սոյն դատական հայցը կ’իյնայ Ապրիլ 2015-ին Կաթողիկոսարանի սկսած դատական գործընթացի ծիրէն ներս, որպէս շարունակութիւն անոր: