Ընդառաջելով Հոլանտայի Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ պետին հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այսօր մեկնեցաւ Հոլանտա։ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը պիտի տեւէ երեք օր, որու ընթացքին ան երկու դասախօսութիւններ պիտի տայ տարբեր համալսարաններու մէջ եւ պիտի նախագահէ աստուածաբանական ու բարոյագիտական նիւթերու քննարկումներու նուիրուած հանդիպումին։
Հոլանտա կատարելիք այցելութեան Հայրապետին պիտի ընկերանան Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Զուիցերիոյ մէջ մեր Ս. Աթոռին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ Փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։ Անոնք մասնակից պիտի դառնան Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ աստուածաբաններու հետ տեղի ունենալիք աստուածաբանական ու բարոյագիտական նիւթերու քննարկումներուն։
Զուիցերիոյ մէջ Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար հանդիպումներ պիտի ունենայ Սիսի դատին եւ Սուրիական տագնապին առնչուած հարցերու գծով։