ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն, 1988 թուականին Սպիտակի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով զոհգացած շուրջ 30.000 հայորդիներու հոգիներուն համար։ Վեհափառ Հայրապետը, հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալները…