Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 12 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանն ու Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։   Հայաստանի դեսպանին հետ խօսակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած նիւթերու շուրջ, իսկ Լիբանանի դեսպանին հետ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային տեղի ունենալիք քրիստոնեայ-իսլամ համագումարին։   Յայտնենք, որ շաբաթ մը առաջ դարձեալ այս ուղղութեամբ հանդիպում մը…