Երկու օրեր առաջ, Մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը «Ղաննուպիններու հովիտի» կրօնական մշակոյթին մասին: Յիշեալ շրջանին մէջ յունական եւ ասորական մշակոյթներու ազդու ներկայութիւն եղած է դարերու ընթացքին, որ հետագային նպաստած է երկխօսութեան ու փոխներգործութեան: Շրջանէն ներս կը խօսուի նաեւ հայկական ներկայութեան մասին: Համագումարին նպատակն էր վերբերել Քրիստոնէական առաջին դարերու քրիստոնէական վկայութիւնը Լիբանանէն եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձնապէս չկարողացաւ ներկայ գտնուիլ յիշեալ համագումարին, որովհետեւ նոյն օրը թաղումը տեղի ունեցաւ վեհամօր՝ Լուսին Քէշիշեանին: Համագումարը սկսելէ առաջ ներկայ պատրիարքներուն առաջարկով հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ վեհամօր հոգիին համար: Վեհափառ Հայրապետի պատգամը արաբերէն լեզուով ընթերցեց Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը:
Իր պատգամին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը ներկաները ողջունելէ յետոյ, անդրադարձաւ նման նախաձեռնութեան իւրայատուկ կարեւորութեան: Ան շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-
1) Միջին Արեւելքը ո՛չ միայն ծննդավայրն է Քրիստոնէութեան, այլ՝ միաստուածեան երեք կրօններուն: Անոնք իրենց պատմական, մշակութային ու Աստուածաբանութեան արմատները ունին շրջանէն ներս: Պատմական այս իրողութիւնը անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ, մանաւանդ երբ կը խօսուի Քրիստոնէութեան մասին:
2) Քրիստոնէական երեք մշակոյթները՝ յունական, ասորական եւ հայկական, դարձան տիրապետող ներկայութիւն շրջանէն ներս: Հայկական մշակոյթը, այլ խօսքով՝ աստուածաբանական մտածողութիւնը յունական ու ասորական մշակոյթներու միջեւ կամուրջ մը դարձաւ, երբեմն յարելով այս կամ այն կողմը, սակայն միշտ իր անկախութիւնը ու առանձնայատկութիւնը պահելով: Հետեւաբար, երբ խօսուի արեւելեան մշակոյթի մասին պէտք չէ անտեսել հայկականը:
3) Հայկական մշակոյթը, որ առաւելաբար մնաց կրօնական, երկխօսութեան մէջ, մտաւ ոչ միայն հետեզհետէ Միջին Արեւելքին մէջ ներկայութիւն դարձող լատինական մշակոյթին հետ, այլ նաեւ եբրայական ու իսլամական: Ահա թէ ինչո՛ւ կիլիկեան շրջանը մեր պատմութեան մէջ իւրայատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող շրջան մըն է՝ նաեւ աստուածաբանական մատածողութեան զարգացման իմաստով:
4) Միաստուածեան միւս կրօններուն հետ, յատկաապէս իսլամութեան հետ, երկխօսութիւնը շատ կարեւոր է: Սա մեր հասարակաց պատմութեան մաս կը կազմէ: Թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ այսօր յիշեալ կրօններու պատկանողները միասին կ՚ապրին: Հետեւաբար, Միջին Արեւելքէն ներս երկխօսութիւնը կեանքի երկխօսութիւն է՝ եւ ոչ թէ տեսական: Այսօր, մանաւանդ երբ համաշխարհայնացումը հիմնական փոփոխութիւններ յառաջացուցած է մեր կեանքէն ներս, միջկրօնական երկխօսութինը դարձած է հրամայական:
Իր խօսքի աարտին Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնը գործակցութեան վերածելու անհրաժեշտութեան: