«ՅՈՒՆԱԿԱՆ, ԱՍՈՐԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ» Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկու օրեր առաջ, Մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը «Ղաննուպիններու հովիտի» կրօնական մշակոյթին մասին: Յիշեալ շրջանին մէջ յունական եւ ասորական մշակոյթներու ազդու ներկայութիւն եղած է դարերու ընթացքին, որ հետագային նպաստած է երկխօսութեան ու փոխներգործութեան: Շրջանէն ներս կը խօսուի նաեւ հայկական ներկայութեան մասին: Համագումարին նպատակն էր վերբերել Քրիստոնէական առաջին դարերու քրիստոնէական վկայութիւնը Լիբանանէն…