«ԹՈՂ ԱՇԽԱՐՀԸ ԴԻՏԷ, ՀՈՆ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ, ԹՈՒՐՔ ԲԱՆԱԿԸ ՋԱՐԴ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ, ԻՍԿ ՀՈՍ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ, ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԼԾՈՒԱԾ Է»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի հարաւը տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ոյժերուն հայկական ջոկատը, գլխաւորութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։
Դեսպան Աթաբէկեան խօսք առնելով՝ զինուորներուն յայտնեց, որ անոնք կը գտնուին հայապահպանութեան կարեւորագոյն կեդրոնին մէջ, որ ոչ միայն Լիբանանի մակարդակի, այլ աշխարհսփիւռ հայութեան համար կենսական դերակատարութիւն ունի, ու ապա հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետին ուղղելու համար իր խօսքը։
Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց անգամ մը եւս հայոց բանակի զինուորներուն հետ ըլլալուն համար եւ ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր հայ զինուոր հերոս մըն է՝ պատրաստ իր կեանքը զոհելու հայրենիքի ազատութեան եւ սա հայրենասիրութեան, հաւատքի, նուիրումի ու յանձնառութեան արտայայտութիւն է, ըսաւ ան՝ վկայակոչելով հայոց պատմութեան սրբագոյն պատերազմներէն Վարդանանց պատերազմը, ուր նոյնիսկ ոյժերու անհաւասարակշռութիւնը եւ ֆիզիքական ծանր կորուստները արգելք չհանդիսացան գերագոյն յաղթանակ արձանագրելու։ Հայրապետը աւելցուց, որ թերեւս այսօր եւս մեր դէմ կը պարզուին ծանր զէնքեր, ի մասնաւորի Ազրպէյճանի կողմէն, սակայն մենք ունինք մեր հաւատքը, կամքն ու վճռակամութիւնը։
«Մենք բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւն ունինք հայ զինուորին ու բանակին հանդէպ եւ պատրաստ ենք ամէն իմաստով զօրավիգ կանգնելու անոնց, որովհետեւ հայոց բանակի հզօրացումը Հայաստանի, Արցախի եւ համայն Սփիւռքի հզօրացումն է», նշեց Հայրապետը։ «Ուրախ եմ, որ դուք իբրեւ խաղաղապահ ոյժ կը գտնուիք հարաւային Լիբանան։ Թող աշխարհը ականատես ըլլայ, որ մինչ Սուրիոյ մէջ Թուրք բանակը մարդ կը ջարդէ «խաղաղութեան» անուան տակ, հայոց բանակը խաղաղութեան կը մղէ հարաւային Լիբանանը», հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։
Ան իր խօսքը շարունակեց լուսարձակի տակ առնելով հայոց ազատագրական պայքարը եւ շեշտեց, որ մեր խլուած իրաւունքներուն վերատիրացած ենք արեան գնով եւ Արցախի դէմ որեւէ ոտնձգութիւն իր դիմաց կը գտնէ հայութեան հաւաքական կամքը, եւ դիտել տուաւ, որ ի պահանջել հարկին ամբողջ հայութիւնը կը դառնայ հայոց բանակին մէկական զինուորներ։
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ հայ զինուորը մնայ հզօր եւ Անոր պաշտպանութեան հովանիին ներքեւ։
Աւարտին, Հայրապետը զինուրներուն նուիրեց աղօթագիրքեր եւ խաչեր։
Նշենք, որ ջոկատը շրջեցաւ Մայրավանքի շրջափակը, այցելեց Մայր Տաճար, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 100-ամեակի յուշակոթող, յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն՝ Սրբոց Նահատակաց մատրան առջեւ։ Ինչպէս նաեւ այցելեց Ս. Աստուածածին Վանք, Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, Հայկազեան համալսարան, հայ կաթողիկէ համայնքի Ս. Փրկիչ եկեղեցի եւ Զմմառու Վանք։