Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ

Հրաւէրով Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ճորիս Վերքամեն Արքեպիսկոպոսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Հոլանտա։ Օդակայանին մէջ արքեպիսկոպոսը դիմաւորեց Վեհափառ Հայրապետը եւ ապա անոնք ուղղուեցան Իւթրեխթ, ուր կը գտնուի յիշեալ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին։   Նորին Սրբութիւնը այցելեց Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մայր տաճարը՝ իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին, եւ հանդիպում ունեցաւ արքեպիսկոպոսին հետ՝ անոր օգնականներուն ներկայութեան։  …