ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան մաս կազմող միաբաններ կը ծառայեն թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքէն եւ թէ՛ թեմերէն ներս: Անոնց ծառայութեան վայրն ու բնոյթը, ինչպէս նաեւ ժամանակաշրջանը մնայուն հանգամանք չունին, կը ճշդուին Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ՝ ըստ կարիքի ու յարմարութեան:   Միաբանութեան ծառայութեան դաշտէն ներս հետեւեալ փոփոխութիւններն ու նշանակումները կատարուեցան.-   — Գերշ. Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեան երկար…