14 December, 2019

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿՈՄԻՏԱՍԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑՈՒՑ ՆԵՐԿԱՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, նշեց Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը։

 

Ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, աւելի քան 50 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը եւ անոր ընկերակցող նուագախումբը, որ կ՚ընդգրկէր ջութակ, քանոն, տուտուկ, դհոլ եւ դաշնակ, հրամցուցին մեր հանճարեղ եւ անկրկնելի Կոմիտաս Վարդապետին ազգագրական աշխատանքին շնորհիւ մեզի հասած հայ մշակոյթի հարստութենէն փունջ մը։

 

Նորին Սրբութեան Հայրապետական թափօրով եկեղեցի մուտքէն ետք, ելոյթը սկիզբ առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով, որուն յաջորդեց բացման խօսքի արտասանութիւն։ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան նշեց, որ թէեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտական երթը ողբերգական ընդմիջում մը ապրեցաւ ու «սրինգը կոտրեցաւ», սակայն երգը վերապրեցաւ։ «Շնորհալի» երգչախումբը եկաւ վերապրեցնելու կոմիտասեան աւանդութիւնները. անոր առաքելութիւնը կը շարունակէ մնալ հայ երգը կոմիտասեան շեշտով ու շունչով տարածել նոր սերունդներու հոգիներուն մէջ ու աւելիով մօտեցնել զանոնք հայ երգին ու երաժշտութեան:

 

Ապա, եկեղեցւոյ փակեալ խորանին առջեւ կանգնած երգչախումբը մէջ հնչեցուց  «Սուրբ, Սուրբ»ը, «Միայն Սուրբ»ը եւ «Ամէն Հայր Սուրբ»ը, Յովիկ Թաֆրանեանի մեներգութեամբ «Յայս յարկ»ը, «Տէր Ողորմեա՛»ն եւ «Տլէ Եաման»ը, «Քրիստոս ի մէջ» եւ «Քրիստոս պատարագեալ»ը, որոնց քառաձայն կատարումները բաւարար էին ստեղծելու փոքրիկ պաշտամունքային արարողութիւն մը, որ կարծես եկեղեցւոյ մէջ բերաւ նաեւ Կոմիտասի ոգեղէն ներկայութիւնը։ Այնուհետեւ Շողիկ Թորոսեան կատարեց «Անտունի»ն ու, «Մի Գեղեցիկ Պարզ Գիշէր էր»էն ետք, մեր ամէնէն յուզիչ երգերէն մին՝ «Կռունկ»ը, որ մարմնաւորումն է մեր հայրենի հողին կարօտին։ Երգուեցան նաեւ «Ել, Ել», «Առաւօտ Լուսաբեր», Կարինէ Անդրանիկեանի մենակատարողութեամբ «Չինար ես»ը, եւ ժողովրդականութիւն վայելող ոգեշունչ երգեր՝ «Հաբրբան», «Հայրենեաց Սիրով», «Շոշեր Ջան», «Ոհ Ինչ Քաղցր Բան», «Զար Զընգը», «Էսօր Ուրբաթ է» ու «Ջուր Կու Գայ Վերին Սարէն»։ Նշենք, որ հանդիսատեսը վայելեց նաեւ «Շուշիկի» դաշնակի բաժինը։

 

Համերգի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր Հայրապետական պատգամը։ Ան ըսաւ, որ անմահանուն Կոմիտաս Վարդապետ երկինքէն լսելով իր դաշնաւորումներուն եւ յօրինումներուն գեղեցիկ ու հարազատ կատարումը պիտի գնահատէր այս երեկոն, որուն ընթացքին «Շնորհալի»ն դարձաւ աւելի շնորհալի։ Աստուածաշունչը կ՚ըսէ, որ հողէն կու գանք եւ հող պիտի դառնանք, սակայն գերեզմանէն վեր կը մնան անոնք, որոնք իրենց կեանքը հարստացուցած են արժէքներով, նշեց ան ու աւելցուց, որ Կոմիտաս պարզ հոգեւորական մըն էր. սակայն, հաւատքով ու հաւատարմութեամբ կենսագործեց իր կոչումը երաժշտական մարզէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ մեր երաժշտութիւնը՝ հոգեւոր թէ ազգային, արտացոլումն է մեր ժողովուրդին ներքին ձգտումներուն, տագնապներուն, ինչպէս նաեւ տագնապէն բարձրացող յարութեան հաւատքին. այդ ոգին է, որ Կոմիտաս փոխանցեց նոր սերունդներուն։ Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց երգչախումբին եւ նուագախումբին, որոնց հմտութեան շնորհիւ վերակենդանացաւ Կոմիտասը, եւ վերջապէս՝ ղեկավար հայր սուրբին, որ հակառակ ղեկավարման մասնագիտական ուսում չունենալուն, հետեւողական աշխատանքով կը յաջողցնէ նման հսկայ գործ։

 

Արդարեւ, յատնաշականօրէն Հայրապետը լանջախաչ կրելու իրաւունքը պարգեւեց խմբավար հայր սուրբին, ինչպէս նաեւ Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճանճեանին, առ ի գնահատանք իրենց տարած աշխատանքին։

 

Ելոյթը փակուեցաւ «Կիլիկիա» քայլերգով, որմէ ետք Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան — Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութիւն։

More News