2 September, 2019

«ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ՝ ՀԱՅՈՒՆ ԱՄՈՒՐ ՀԱՒԱՏՔԻՆ, ԱՆՆԿՈՒՆ ԿԱՄՔԻՆ ԵՒ ԱՆՍՏՈՒԵՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻՆ ՕՐՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԻԱՐ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

 

Ստորեւ Նորին Սրբութեան նամակը.-

 

Մեծայարգ

Տիար Բակօ Սահակեան

Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան

Ստեփանակերտ

 

Մեծայարգ եւ Սիրելի Պարոն Նախագահ,

 

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ անհուն ուրախութեամբ կ՚ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան Օրը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն։

 

Արդարեւ, Արցախի Հանրապետութեան Օրը ո՛չ միայն Արցախի ժողովուրդին, այլ իւրաքանչիւր հայուն եւ ողջ հայութեան օրն է՝ յաղթանակի օրը։

 

Արցախի Հանրապետութեան Օրը հայուն ամուր հաւատքին, աննկուն կամքին, աննուաճ ոգիին եւ անստուեր տեսլականին օրն է։

 

Արցախի Հանրապետութեան Օրը, իր հայրենի դարաւոր հողին վրայ, իր հերոսներուն ու սուրբերուն արիւնով շաղախուած նուիրական հողին վրայ ազատօրէն ապրելու ու ստեղծագործելու հայ մարդուն օրն է։

 

Արցախի հայութիւնը հայոց արի բանակին արեան վկայութեամբ ցոյց տուաւ աշխարհին, թէ որքան ալ դառն ըլլան աշխարհաքաղաքական պայմանները, հայը միշտ կը մնայ հաւատարիմ իր անցեալի պատմութեան, ներկայի պայքարին ու ապագայի տեսլականին։

 

Արցախը, հայոց քաջ բանակի խիզախ մարտնչումներով եւ իր ժողովուրդին արի կեցուածքով, 28 տարիներ առաջ ըսաւ եւ միշտ պիտի ըսէ՝ մեր հաւատքէն ու մեր վճռակամութենէն ո՛չ ոք կրնայ մեզ խախտել, ինչպէս ըսին 451 թուականին Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք։

 

Այսօր ուրախութեան օր է։ Այսօր նաե՛ւ մեր միասնականութեան ամրացման օր է։ Միասնականութիւնը աղբիւր է ու միաժամանակ երաշխիք ու ապաւէն՝ հզօր հայութեան, հզօր Հայաստանի, հզօր Արցախի ու հզօր Սփիւռքի։

 

Մեր ժողովուրդի կեանքին հետ ինքզինք նոյնացուցած եւ յանուն արդարութեան ու անկախութեան պայքարած ու նահատակուած Հայ Եկեղեցին միշտ կը մնայ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին կողքին՝ զօրակից մեր պետութեան ամրացման, հայոց բանակի հզօրացման ու մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու իրականացման։

 

Այս հաւատքով ու յանձնառութեամբ, Հայրական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք Արցախի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները՝ պետական իշխանութեամբ եւ համայնքային բոլոր կառոյցներով։

 

Կ՚աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային հովանիին ներքեւ Արցախը պահէ խաղաղ ու ապահով՝ հեռու ամէն տեսակ վտանգներէ եւ զայն առաջնորդէ դէպի առաւել հզօրացում ու ծաղկում։

 

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ

2 Սեպտեմբեր 2019

More News