Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԸ

2020  թուականը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակն է: Այս առիթով, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը նշանակած է հանդիսաւոր կերպով նշելու Նորին Սրբութեան 25 տարիներու վրայ տարածուած հովուապետական առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը:

 

Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական Ժողովի համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ նոյն Ժողովի անդամ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան. Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներ՝ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Տիար Գրիգոր Մահսերեճեան եւ նոյն Ժողովի անդամ Տիկ. Սեդա Խտըշեան:

 

Յանձնախումբը յառաջիկային պիտի ճշդէ Վեհափառ Հայրապետին 25-ամեայ գահակալութեան առիթով կատարուելիք նախաձեռնութիւնները: