Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը ԻՒՆԻՖԻԼ-ի՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հարաւային Լիբանանի խաղաղարար ոյժերու հրամանատար զօր. Փիշիոթայի՝ ընկերակցութեամբ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատու իր երկու օգնականներուն։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու կոչուած Միացեալ Ազգերու ոյժերու առաքելութեան: Յայտնենք, որ յիշեալ առաքելութեան մաս կը կազմեն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային բանակէն 30 զինուորներ: Հրամանատարը բարձր յարգանքով խօսեցաւ հայ զինուորներու ցուցաբերած կարգապահութեան եւ իրենց առաքելութեան նկատմամբ ունեցած նուիրումին մասին: Հանդիպումի ընթացքին նաեւ հրամանատարը Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ուզեց ունենալ հարաւային Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հանդիպում մը կազմակերպելու մասին, ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու:
Վեհափառ Հայրապետը քաջալերեց բոլոր տեսակի նախաձեռնութիւնները, որոնք կը նպաստեն քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան առաւել ամրապնդման: